ԿԼԷՆՏԷՅԼ, «Էյ.Փի.», «Քէյ.Թի. Էլ.Էյ.».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ի գիշերը, UCLA-ի հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 17ամեայ Նաթալի Սարգիսեանը, որ «Սիկնա» ապահովագրական ընկերութլեան ձգձգումներուն հետեւանքով չէր կրցած լեարդի պատուաստումի գործողութեան մը ենթարկուիլ:
Արեան քաղցկեղէ տառապած երիտասարդուհին ամիս մը առաջ իր եղբօրմէն ոսկրածածուի պատուաստումի գործողութենէ մը ետք բարդութիւններ դիմագրաւած էր, սակայն ընկերութիւնը մերժած է հիւանդանոցին արտօնութիւն տալ, որ լեարդի պատուաստում կատարէ, որու հետեւանքով ենթակային ընտանեկան պարագաները, ամերիկահայ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ հիւանդապահուհիներու կազմակերպութիւն մը Հինգշաբթի օր բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին ընկերութեան Կլէնտէյլի գրասենեակներուն առջեւ: Ցոյցին ընթացքին լուր հասաւ, թէ ընկերութիւնը որոշած է գործողութիւնը կատարելու արտօնութիւն շնորհել, սակայն շատ ուշ էր արդէն եւ Նաթալի քանի մը ժամ ետք մահացաւ:
Իրաւաբան Մարք Կիրակոս Ուրբաթ օր յայտնեց, թէ ընտանիքին անունով դատ պիտի բանայ ընկերութեան դէմ: