ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2008ի Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու Հ.Յ.Դ. թեկնածուի նախընտրական գլխաւոր գրասենեակը պիտի ղեկավարէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, այս մասին երէկ, Դեկտեմբեր 21 ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան եւ նշեց, որ արդէն կազմուելու վրայ են տարածքային նախընտրական գրասենեակներ:
Հրայր Կարապետեանի նախատեսութեամբ, յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի կայանան երկու փուլով: Ասուլիսի ընթացքին Կարապետեան անդրադարձաւ նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ կուսակցութեան մարտավարութեան եւ յայտնեց, որ յառաջիկային պիտի հրապարակուի Վահան Յովհաննիսեանի նախընտրական ծրագիրը: