ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 21ին սկսաւ գործել երկար սպասուած Խուտարաշէն-Մարտակերտ ջրատարը, որուն շնորհիւ ըմպելի ջուրով մնայուն կերպով պիտի ապահովուին Մարտակերտը եւ մերձակայ Մեծ Շէն, Մաղաւուզ, Մինկրելսք, Վարանկաթաղ գիւղերը, ինչպէս նաեւ զինուորական շարք մը կէտեր:
Չրատարի բացման արարողութեան ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանց, նախարարներ եւ հիւրեր:
31 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ջրատարը կառուցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով: Աշխատանքները սկսած են 2006ի Յունիսին: Ընդհանուր նախագծային արժէքը կազմած է 940 միլիոն դրամ:
Արարողութեան ընթացքին, Վահէ Աղաբէկեանց, շնորհաւորելով մարտակերտցիները, ըսաւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը միջոց է համատեղելու համայն հայութեան՝ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի միջոցները, անյետաձգելի ծրագիրներու իրականացման համար, որոնցմէ մէկն էր նաեւ այս ջրատարը: