Լոս Անճելըս իր կարճատեւ այցելութեան առիթով, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերի կէսօրին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Հիւր խմբագիրը ծանօթացաւ Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքին ու անոր յարկին տակ տարուող աշխատանքներու ծիրին, ապա իր կարգին որոշ ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Լիբանանի իրավիճակին ու յատկապէս «Ազդակ»ի աշխատանքներուն մասին։ Առաջնորդ սրբազանը բարի կեցութիւն մաղթեց Շ. Գանտահարեանի ու յաջողութիւն ցանկաց մամուլի ճամբով անոր առաքելութեան։