Անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այստեղ, անգամ մը եւս դուք, ընդառաջելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հրաւէրին, համատեղուած, բոլորուած էք այստեղ, լսելու համար Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը, քննելու եւ արժեւորելու համար Դաշնակցութեան տարած գործունէութիւնը անցնող մէկ տարուան ընթացքին եւ ձեր զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար, որպէսզի այս գործունէութիւնը շարունակուի ի խնդիր մեր հասարակաց արժէքներու եւ երազներու իրականացման։
Սիրելիներ,
Նոյնիսկ 117 տարեկան մեր կազմակերպութեան համար, չկան իրարու նմանող տարիներ, իրենք զիրենք կրկնող ու միօրինակութեան ու միապաղաղութեան տհաճ իրողութիւնը ստեղծող կացութիւններ։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցը անցնող մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած դէպքերն են ու այսօրուան մեր մարտահրաւէրներն ու աշխատանքները։
Անցեալ տարեշրջանին, զանազան աոիթներով մենք զգացինք, ապրեցանք, ուրախացանք եւ խրախուսուեցանք մեր ժողովուրդի մեզի հանդէպ ունեցած վստահութիւնը տեսնելով, անոր հաւատքն ու համակրանքը վայելելով։ Այս վստահութիւնը, համակրանքն ու հաւատքը մանաւանդ, օրինակի համար, ի յայտ եկաւ Հայ Դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն ընթացքին, որոնք մասնաւորաբար ընդհանրական եւ մասսայական հետաքրքրութիւն ունեցան Ամերիկայի Քոնկրէսին մէջ 106րդ բանաձեւի ընդունման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու ընդմէջէն։ Դաշնակցութեան Ամերիկայի տարածքին Հայ Դատի գծով տարած աշխատանքները երէկ չեն, որ սկսած են, այլ անոնք սկիզբ առին եւ շարունակուեցան ասկէ շուրջ 7 տասնամեակ առաջ։ Այդ աշխատանքները երբեք դադար չեն առներ, այդ ջանքերը երբեք հանգիստ չեն ունենար, այդ աշխատանքները երբեմն կ’ըլլան քուլիսներու ետին, երբեմն կ’ըլլան նեղ հայկական շրջանակներու մէջ, յաճախ կը փոխադրուին եւ կ’առնչուին օտար քաղաքական շրջանակներու հետ, երբեմն կ’ունենան, պէտք է անկեղծ ըլլալ եւ խոստովանիլ ասիկա, այո տեղի կ’ունենան տատանումներ, կ’ըլլան ընկրկողներ, կ’ըլլան խարխափողներ, սակայն միշտ ալ աւելի բազմանդամ եղած են, աւելի շատ եղած են անոնք, որոնք պատրաստ գտնուած են նուիրուելու այդ աշխատանքին, ծառայելու այդ նպատակին։ Ասոր, սիրելիներ, դուք բոլորդ ականատես եղաք այս տարի։ Տարիներ շարունակ Ցեղասպանութեան փաստը ուրացողներ, Ցեղասպանութեան ճանաչման առջեւ արգելքներ յարուցանողներ, Ցեղասպանութեան վերապրողները անգամ մը եւս իրենց ուրացումով չարչարողներ՝ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ ձեր բոլորին նուիրումին ու մասնակցութեան շնորհիւ եկան ընդունելու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Եթէ դուք հետեւեցաք Քոնկրէսի քննարկումներուն եւ անոր հետեւող իր նմանը չունեցող, իր չափով ու ծաւալով ամէն մարդ զարմացնող media-ի անդրադարձին, դուք տեսաք, հպարտօրէն վկան եղաք այն հանգամանքին, որ այսօր, 2007 թուականին, 1915ի Եղեռնէն 92 տարիներ ետք, բոլորը, ըլլան անոնք պետական հեղինակութիւններ թէ մամլոյ ներկայացուցիչներ՝ ընդունեցին Հայկակական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Անոնք բոլորը, իրենց քաղաքական զանազան հաշիւներուն համար եւ ժամանակ շահելու նպատակով, պահի անյարմարութիւնն ու քաղաքական որոշ շահեր առաջ քաշեցին, սակայն ընդունեցին Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, այսպիսով մեր դատի հանգրուանային պայքարի ժամանակացոյցին վրայ յաղթանակի նոր էջ մը բանալով։ Այս բոլորը ինքնաբերաբար չեղան, այս ամէնը բախտի կամ ճակատագրի արդիւնք չեն, այս բոլորը մեզի ազգովին պարգեւ չտրուեցաւ, այլ այս բոլորը եղաւ լուրջ, հետեւողական, համեստ, հաւատքով լի ու յանձնառութեամբ լեցուն աշխատանքի շնորհիւ։ Կեցցեն անոնք, որոնց անշահագրգիռ ու անսակարկ նուիրումով Հայ Դատը ամէն օր քայլ մը աւելի առաջ կ’երթայ։ Կեցցէ մեր ժողովուրդը, որ կը սատարէ այս աշխատանքներուն, հաւատալով անոր իրաւացիութեան։
Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ միայն այն դատերը յաջողած են, որոնք իրենց յաջողութիւնը չեն պայմանաւորած, չեն սահմանափակած ժամանակներու տեւողութեան մէջ։ Մերը տարբեր պիտի չըլլայ իր յաջողութեան հասնելու համար։ Սակայն ատոր իրականացման համար իւրաքանչիւրս պարտինք մտածել, արժեւորել եւ անհատական թէ հաւաքական ձեւով եզրակացութիւններու յանգիլ։
Այս արժեւորումը կատարելու ընթացքին մենք անպայման պիտի բախինք իրականութեան հետ եւ շատ պարզ է ու բնական, որ այդ առօրեային ընդմէջէն պիտի ցցուին զանազան նիւթական եւ նեղ անձնական արժէքներ, որոնք մեր անհատներու եւ ընտանիքներու բարօրութեան ու բարգաւաճութեան հետ կ’առնչուին։ Չվախնանք անկէ։ Ըլլանք անկեղծ մեր անձերուն հանդէպ, ընդունինք այն իրողութիւնը, որ մեր անձնականը կարեւոր է ու հիմնական մաս մեր էութեան։ Սակայն քիչ մը աւելի յառաջ երթանք, մտածենք եւ փորձենք հասկնալ, որ ի՞նչը մեզի պիտի տարբերէ, պիտի զատորոշէ ընդհանուրէն, ի՞նչը մեզի իրաւունք պիտի տայ զգալու աւելի լիարժէք։ Այս ճիգն է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ, որպէսզի մտածենք, խորհրդածենք եւ հասկնանք, որ միայն նեղ անձնականը բաւարարութիւն չի կրնար պատճառել, անիկա շատ հասարակ է եւ նիւթական, կայ ատկէ աւելին։ Կայ ոգեղէնը, կան հայութեան ձգտումները, կայ պարտք մը մեր ուսերուն վրայ դրուած, կայ պատասխանատուութիւն մը մեզի յանձնուած։ Այս զգացումներն են, որ մեզ բոլորս պիտի համախմբեն Դաշնակցութեան շուրջ, որպէսզի բոլորս միասին անգամ մը եւս յանձնառութիւն տանք եւ ըսենք, որ քանի հայութեան մէկտեղումր իրականութիւն չէ եղած, քանի մեր ամբողջական Հայաստանի երազը իրականութիւն չէ դարձած, մեր պայքարը պիտի շարունակուի, պիտի շարունակուի աւելի ուժեղ եւ աւելի անսլաց կերպով։
Պիտի համախմբուինք նաեւ Դաշնակցութեան շուրջ եւ յանձնառութիւն տանք, որ որքան ատեն, որ մարդու կողմէ մարդու դէմ շահագործումը կը շարունակուի, որքան ատեն, որ մարդիկ կը տառապին ազգային, կրօնական կամ դասակարգային խտրականութենէ, Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ պատնէշի վրայ եւ մարտի առաջին գիծին վրայ։ Այս եղած է Դաշնակցութեան հաւատամքը, այս կը շարունակէ ըլլալ ու պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան հաւատամքը։ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ այն ուժը, որ կը պատկանի բոլորին, առանց նկատի ունենալու մարդոց հանգամանքները, տնտեսական կարողութիւնները կամ ընկերային դիրքը։ Սփիւռքի թէ Հայաստանի կամ Արցախի մէջ, հայեր դիմած են Դաշնակցութեան, երբ անօգնական զգացած են, եւ Դաշնակցութիւնը միշտ հոն գտնուած է եւ ապագային ալ պիտի գտնուի հոն, ուր հայը կարիքը կը զգայ օգնութեան եւ այս օգնութիւնը, սիրելիներ, պիտի չըլլայ պայմանաւորուած ի տարբերութիւն այլոց, այլ այս օգնութիւնը պիտի ըլլայ անսակարկ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կրնայ սխալիլ, Դաշնակցութիւնը կ’ընդունի, որ սխալական է եւ ամենակարող չէ, սակայն Դաշնակցութիւնը կը մերժէ ու պիտի մերժէ մէկ բան՝ ան պիտի չընդունի որեւէ փորձ, որ հարցականի տակ կ’առնէ իր նուիրումն ու յանձնառութիւնը հանդէպ հայ ժողովուրդին, Հայաստանին ու Հայ Դատին։
Վերը յիշուած խորհրդածութիւնները նաեւ պատճառ պիտի դառնան, որպէսզի մենք գիտակցինք, որ եկեղեցիի մը կամ դպրոցի մը գոյութիւնը կամ ստեղծումը միայն երաշխիք չէ մեր գոյատեւման կամ ամենալաւ պարագային՝ միայն ժամանակաւոր երաշխիք է։ Պիտի անդրադառնանք կամ անգամ մը եւս համոզուինք, որ կայ աւելին, կայ Հայաստանը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ այլեւս անժխտելի իրականութիւնէ անդին անցնելով դարձած է տիրական ներկայութիւն մեր առօրեային մէջ։ Անկախ Հայաստանի այս իրականութեան մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չէր կրնար բացակայ ըլլալ եւ այսօր ալ սոսկ ներկայութենէ շատ աւելի է։ Արդարեւ, վստահաբար բոլորդ ալ համաձայն պիտի գտնուիք, որ Հայաստանի պետական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներուն կարելի չէ անդրադառնալ առանց նկատելու Դաշնակցութեան տեղն ու դերը անոնց մէջ։ Ինչպէս անկախութեան առաջին օրերուն եւ Արցախեան հերոսամարտի ժամանակ, այսօր նոյնպէս Դաշնակցութիւնը կը գտնուի առաջին գիծերու վրայ, մեծ ներդրում եւ մասնակցութիւն բերելով պետականութեան ամրապնդման եւ ամրագրման աշխատանքին մէջ։ Սակայն աւելի եւ նոյնքան էականը այսօր Դաշնակցութեան դերն է Հայաստանի մէջ քաղաքական մշակոյթի մը, քաղաքական-քաղաքացիական քաղաքակիրթ եւ յառաջադէմ մտածելակերպի մը եւ աշխատելաոճի մը ստեղծումով եւ զարգացմամբ։ Ահաւասիկ վերոյիշեալի ապացոյցն է քաղաքական-պետական քոալիցիայի յղացքը։ Քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւններ ունենալով հանդերձ, քաղաքական գործակցութիւն ցուցաբերելու լայնախոհ եւ հանդուրժող ընթացքը Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին մէջ մուտք գործողը եւ հաստատողը աներկբայօրէն եղաւ Դաշնակցութիւնը։ Հետաքրքրական է, որ տասնամեակ մը առաջ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ կասեցուող եւ անարդարօրէն զանազան ամբաստանութիւններով հալածուող Դաշնակցութիւնը այսօր կը ներկայացնէ հայաստանեան քաղաքական կեանքի ամէնէն հաւասարակշռուած եւ յարգուած ուժերէն մէկը։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն էր նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը։ Անհատներով ճանչցուած, անհատներով խորհրդանշուող եւ պայմանաւորուող քաղաքական կեանքին մէջ Դաշնակցութիւնը հանդէս եկաւ իր սեփական թեկնածուով մասնակցելու որոշումով։ Աւելին, Դաշնակցութիւնը հանդէս եկաւ երկու թեկնածուներով՝ յանձինս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանին եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընկեր Արմէն Ռուստամեանին։ Այս որոշումով Դաշնակցութիւնը երկրի ղեկավարութեան, քաղաքական կազմակերպութիւններուն եւ ընտրողներուն եկաւ ըսելու, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն տեղեկութիւնները, թէ ընտրութիւններու արդիւնքները արդէն իսկ կանխորոշուած են, հետեւաբար այս գործընթացը սոսկ թատերական արժէք չունի, եկաւ ըսելու, որ Դաշնակցութիւնը նախանձախնդիր է ժողովրդավարական արժէքներու պահպանման եւ առաւել զարգացման։ Քայլ մը անդին անցնելով, Դաշնակցութիւնը Հայաստանի տարածքին կեդրոններ հաստատելով դիմեց հայրենի ժողովուրդին, որպէսզի այդ կեդրոններուն մէջ իրենց նախասիրութիւնը յայտնելով, ժողովուրդը մասնակցած ըլլայ կուսակցութեան թեկնածուի որոշման գործընթացին։ Եւ ժողովուրդը ինչպէս միշտ, անսաց Դաշնակցութեան ձայնին, հետեւեցաւ անոր եւ աւելի քան 288,682 քաղաքացիներ կանգ առնելով այդ կեդրոններուն մէջ, նախ իրենց ձայնը տուին Հ.Յ.Դ.ին եւ ապա իրենց նախասիրութիւնը յայտնելով ընտրեցին ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը, որպէս Հ.Յ.Դ. թեկնածու՝ Հայաստանի նախագահութեան պաշտօնին։
Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ կուսակցութիւն կանգնած ենք բազմաբնոյթ եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Մարտահրաւէրներ, որոնք ընթացիկ ըլլալէ աւելին սկսած են դառնալ, մեզմէ պահանջելով յաւելեալ ուշադրութիւն եւ նախաձեռնութիւններ։ Բոլորս կը վկայենք, թէ ինչպէս Սփիւռքի հիմնակէտերը հանդիսացող գաղութները կ’անցնին այնպիսի տագնապներէ եւ իրադարձութիւններէ, որոնք պէտք է մեզ մտահոգեն թէ՛ իբրեւ ժողովուրդ եւ թէ կուսակցութիւն։ Ակնարկ մը նետեցէք միջին արեւելեան մեր գաղութներուն՝ Լիբանանին, Իրաքին, Իրանին եւ այլն։ Հազիւ պատերազմը թօթափած, Լիբանանը այս անգամ կ’ապրի նոյնքան եւ աւելի վտանգաւոր պահեր։ Պատերազմի ամէնէն բուռն օրերուն պատշաճ ձեւով կառավարութեան եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն մէջ իր ներկայացուցչութիւնը ունեցող հայութեան այսօր նոյնիսկ այդ կը զլացուի։ Իրաքահայութիւնը, ինչպէս Իրաքի այլ ազգերու ներկայացուցիչներ, առօրեայ եղանակով զոհեր կու տայ պատերազմի մը, որուն ոչ նպատակները յայտնի են, ոչ մեկնակէտը յայտնի է եւ ոչ ալ վերջաբանը։ Նայեցէք Ռուսիոյ այլազան քաղաքներուն մէջ ապրող հայութեան։ Եւ այս բոլորը նկատելու ընթացքին, էապէս կը կարեւորուի, յաւելեալ իմաստ կը ստանայ, զգացական եւ ռոմանթիկ արժէք մը լոկ ըլլալէ կը դադրի եւ էական անհրաժեշտութիւն կը դառնայ Հայաստանը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Սիրելիներ, եկէք զգանք այդ կարեւորութիւնը, այդ կարեւորութիւնը յաւելեալ եռանդ եւ նոր աւիւն թող տայ մեզի, որպէսզի հաւատարիմ սկզբունքներուն, անգամ մը եւս բոլորուինք Հայաստանը բոլոր հայերու՝ հայրենի թէ Սփիւռքի ապաստանը դարձնելու տեսլականին շուրջ, բոլորուինք հայ ժողովուրդի ազատութեան ու արդարութեան տենչերու տեսլականի դրօշակակիր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շուրջ, որպէսզի միասին ձեռք-ձեռքի, որպէս հին ընկերներ, աւելի մօտենանք մեր բոլորիս սիրելի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազին։ Շնորհակալութիւն։