Շատ մը գործեր դժուար կը համարուին մարդոց կողմէ: Յատկապէս արհեստներու տաժանելի տեսակներուն համար դժգոհութիւն կ’արտայայտեն ո՛չ այնքան արհեստաւորները իրենք, այլ երբեմն՝ անոնց աշխատանքը հեռուէն դիտողներ: Մարդիկ, որոնք բնա՛ւ ալ օր մը նոյն արհեստին ճամբով իրենց ապրուստը ճարելու պիտի չստիպուին թերեւս, յաճախ «կը խղճան» այն արհեստաւորներուն, որոնք, ըստ իրենց, «պատառ մը հացի համար» այսքան դժուարին աշխատանք կը կատարեն: Երբեմն ալ, այդ «խղճացողները» իրենք նախապէս սովորական արհեստաւորներ եղած կ’ըլլան, կամ նպարավաճառներ, որոնք բախտի բերմամբ յանկարծ հաստատութեան մը տնօրէն կը նշանակուին ու իրենց այդ «դիրքէն» կը սկսին քննադատել ուրիշները եւ ծիծաղիլ անոնց վրայ: Այսպիսիներուն համար ըսուած խօսք է՝ «գրասեղանը բախտաբեր չեղաւ»: Որովհետեւ գրասեղանին ետին նստած, լորտերու ազնուական տոհմի ժառանգորդներ կը նկատեն իրենք զիրենք, խղճալով դժուարակիր աշխատանք կատարողներուն: Այդ «տաժանակիր» աշխատանք կատարողներէն են, օրինակի համար, կոյուղագործը, որմնադիրը, քարահանքերու աշխատաւորը, ասֆալթապատման գործաւորը, նոյնիսկ բեռնակիրը:
Այսպիսի դժուարին աշխատանքներու մասին չէ՛ այս գրութիւնը, սակայն, այլ՝ մարդկային փոխյարաբերական կեանքի կարգաւորման նպաստող աշխատանքի մը մասին, որ ինքնին դժուարին է:
Մարդիկ յաճախ ուրիշներու հետ իրենց ունեցած փոխյարաբերական կեանքը վերատեսութեան կ’ենթարկեն՝ կը բարելաւեն կամ կը վատթարացնեն, միայն կացութեանց դիմաց: Մէկու մը ժխտական կամ դրական վերաբերումը, օրինակ, պատճառ կը դառնայ, որ այդ անձին նկատմամբ նոր կեցուածք ու մօտեցում ունենան: Այսպիսով, երկար ժամանակ թշնամի նկատած մեր անձերը կրնան յանկարծ սրտակից բարեկամ դառնալ, կամ՝ ճիշդ հակառակը, երկար տարիներով սրտակից բարեկամներ կրնան թշնամանալ ոչինչ պատճառի մը հետեւանքով:
Չէ՞ պատահած բնաւ, որ ձեր մէկ լաւ բարեկամը, որուն նկատմամբ մեծ համարում ունէիք, զայն միշտ գովաբանած էիք ու պաշտպանած, յանկարծ վիրաւորական արտայայտութիւն մը ունենայ ձեր հասցէին, վարկաբեկելով ձեզ ու խոցոտելով ձեր արժանապատուութիւնը յաչս այլոց: Բնականաբար, առաջին հերթին պիտի շփոթիք անսպասելի այս վարմունքին դիմաց, սակայն, հետագային ձեր անդրադարձը ատոր պիտի ըլլայ շա՛տ վճռական: Սա, ուրիշներու նկատմամբ վերատեսուած փոխյարաբերութեան վատթարացման օրինակ մըն է: Կայ նաեւ բարելաւման տարբերակը: Այսպէս, երբ դարձեալ անսպասելիօրէն, ձեզի համար ատելի անձ մը հրապարակաւ սիրալիր արտայայտութիւններ կ’ունենայ ձեր մասին, կերպով մը ձեր ներողամտութիւնը հայցելով անցեալին պատահած ինչ-ինչ անհասկացողութեանց ու թիւրիմացութեանց համար: Նման գիտակից խոստովանութեան դիմաց այնքան բնական կը թուի ըլլալ ներումի զգացումը, որ անցեալը շուտով կրնայ ծածկել ամպամած պատմութեան խորը եւ նոր էջ մը բանալ տուեալ երկու անձնաւորութեանց կեանքին մէջ:
Ահաւասիկ, թէ ինչպէս վերատեսութեան կրնայ ենթարկուիլ մարդկային փոխյարաբերական կեանքը: Այս առիթով կ’արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այն նրբագոյն հոգեկան զգայարանքին, որ կը գտնուի իւրաքանչիւր մարդու ներսիդին՝ խիղճը: Ան է, որ ամէնէն առաջ կ’ազդուի ու իր կեցուածքը կը փոխէ երբեմն դրական եւ երբեմն ժխտական ուղղութեամբ: Առաջին պարագային «կը փափկի», իսկ երկրորդին՝ «կը քարանայ»… պատկերաւոր բացատրութեամբ:
Այս աշխատանքը, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն գործ, իր անունը ունի: Փոխյարաբերական մեր կեանքը կը նմանի կամուրջ կառուցող ընկերութիւններու աշխատանքին: Խորքին մէջ, նիւթական իր իմաստով կամուրջ կառուցելու աշխատանքը հեշտ գործ չէ: Նոյնն է նաեւ հոգեկան, աննիւթեղէն կամուրջներու՝ այլ խօսքով մարդոց հետ փոխյարաբերութեանց կամուրջներ նետելու աշխատանքին պարագան: Սա եւս դժուարին աշխատանք է, զոր այնքան համբերատարութեամբ պէտք է կատարել:
Կեանքի ամէնէն դժուարին աշխատանքն է սակայն գիտնալ, թէ ո՞ւր կամուրջներ պէտք է նետենք եւ ո՞ր կամուրջները այրենք կամ քանդենք:
Աւելորդ է ըսել, թէ ինչ դերակատարութիւն ունին նիւթեղէն կամուրջները մեր առօրեայ կեանքին մէջ, յատկապէս քաղաքներու խճողեալ կեանքը համակարգելու առումով: Անոնց ներկայացուցած կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին անկեղծ վկայութիւններ կրնան տալ լիբանանցիները, երբ իրենց երկրին մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր կամուրջները քանդուած տեսնելու սրտնեղութիւնը ապրեցան 2006 թուականի ամրան՝ Յուլիս ամսուն, իսրայէլեան օդուժի անխնայ յարձակումի ընթացքին: Կարեւոր է անդրադառնալ սակայն, թէ փոխյարաբերական կեանքի հոգեկան կամուրջները ինչպիսի՛ դերակատարութիւն ունենալու կոչուած են այս կեանքին մէջ: Երբեմն անոնք այնքան երկարութիւն կ’ունենան, որ կրնան ասդենական կեանքէն մինչեւ անդենական կեանք նետել իրենց բազուկը: Հոգեկան այդ կամուրջներն են ի վերջոյ, որոնց շնորհիւ կը գոյանան հաշտութիւններ, ու սէրը կրնայ դառնալ համատարած ու համասփիւռ իրականութիւն այս աշխարհի վրայ: Պէտք չէ՛ արհամարհել երբեմն կարգ մը կամուրջներու կարճութիւնը: Յաճախ երկայնքով՝ կարճ ու հասակով գաճաճ կամուրջներու վրայէն անցնելով է, որ կ’առաջնորդուինք աւելի երկարահաս ու բարձր կամուրջներու, որոնց տակէն հոսող գետը շատ աւելի խոր կ’ըլլայ եւ ջուրը շատ աւելի սառն:
Ամէն կամուրջ սակայն վստահելի չէ՛: Ինչքան ալ վստահ ըլլան մարդիկ, յաճախ հետիոտն անցած ժամանակ, ապահով կ’ուզեն ըլլալ իրենց անցած կամուրջին տոկունութեան: Տեսնուած է, որ շատեր իրենց աջ ոտքը նախ դէպի առաջ կ’երկարեն, ստուգելու համար կամուրջին դիմացկուն ըլլալը: Այդպէս ալ կարգ մը հոգեկան խարխուլ կամուրջները պէտք է փլցուին, նախքան աղէտի պատճառ դառնալն ու մեզ անորոշութեան գետի յորձանուտին յանձնելը: Կեղծաւոր ու անվստահելի մարդոց բարեկամութիւնն է այդ խարխուլ կամուրջը, որոնց երբեմն ինչքա՛ն գործ կը յանձնենք, միշտ կիսկատար կամ անաւարտ արդիւնքի յանգելով:
Կեանքի մէջ դժուարին աշխատանք մը ունիս կատարելիք.- հաստատել հոգեկան պիտանի կամուրջներ եւ քանդել անկարեւորները, վնասակարներն ու վտանգաւորները: Աւելո՛րդ է ըսել, թէ այս ընելով շահաւոր պիտի ըլլաս: