ՀԱՆՈՎԸՐ, Գերմանիա, «Պլումպըրկ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին սկսած երմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութեան տարեկան համագումարին ելոյթ ունենալով, երմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ յայտարարեց, թէ իր կուսակցութիւնը համաձայն է Թուրքիոյ շնորհելու Եւրոպական միութեան հետ առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան կարելիութիւնը, սակայն աւելցուց՝ «Դէմ ենք Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին»:
Մերքէլ, որ միշտ շեշած է, թէ կը նախընտրէ «առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան» տարազը, առաջին անգամ ըլլալով այսքան յստակօրէն կը շեշտէ, թէ կ’ընդդիմանայ Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան:
երմանիոյ մէջ վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ գերմանացիներուն 68 տոկոսը կ’ընդդիմանայ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու հաւանականութեան: