ԵՐԵՒԱՆ, ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Դեկտեմբեր 3ին աշխատանքային այցով Էսթոնիա ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը հանդիպում ունեցաւ Էսթոնիոյ իր պաշտօնակից Ուրմաս Փայեթի հետ:
Նախարարները քննեցին տնտեսական գործակցութեան աշխուժացման հնարաւորութիւնները՝ նշելով տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը իբրեւ առաջնային ոլորտներ: Այս առումով խօսուեցաւ նաեւ միջկառավարական յանձնաժողով ունենալու նպատակայարմարութեան մասին:
Անոնք անդրադարձան նաեւ տարբեր հարցերու:
Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային զարգացումներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հարեւան պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ: Նախարար Օսկանեան իր էսթոնացի պաշտօնակիցին խնդրանքով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ ընթացքը:
Հանդիպումին յաջորդեց Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ միջեւ եւրոհամարկման հարցերով գործակցութեան մասին յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսը:
Նոյն օրը նախարար Օսկանեան հանդիպում ունեցաւ Էսթոնիոյ խորհրդարանի նախագահի առաջին տեղակալ տիկ. Քրիսթինա Օիւլանտի հետ եւ ապա Էսթոնիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: