Ստեփանակերտի մէջ, «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին վրայ, 27 Յունուարին դիմաւորուեցան Երեւանէն Կարմիր Խաչին միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Արցախ վերադարձած 15 մանուկ-պատանիները եւ անոնց մանկավարժները, որոնք Արցախի շրջափակման պատճառով շուրջ 47 օրէ ի վեր բաժանուած էին իրենց ընտանիքներէն:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի` տուն վերադարձած մանուկները Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի երգչախումբի սաներն են, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումէն առաջ գացած էին Երեւան` «Մանկական Եւրատեսիլ-2022» երգի մրցումին ներկայ գտնուելու համար:
«Երեխաների վերադարձի լուրն առնելուն պէս` երէկուանից, ամէն րոպեն տարի է թուացել, ամէն րոպեն` 47 օրից աւելի երկար», ըսաւ վերադարձած մանուկներէն Մովսէսի մայրը` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան:
«Գիտակցում էի, որ իմ որդին եւս պէտք է պայքարի մասնակից լինի եւ ես պէտք է զգացմունքներս շատ հեռու պահեմ», ըսաւ ան՝ նշելով, որ, այդուհանդերձ, 47 օրէ ի վեր կը սպասեն ապրիլ եւ կարօտով: Ան կը պատմէ, որ որդին հաստատակամ էր` դիմանալու ամէն դժուարութեան, բայց միայն ընտանիքին հետ եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Տուն վերադարձած մանուկներէն Արմինէ Գասպարեանի համար, այս օրերու սպասումները եւ տունդարձը կրկնակի խորհուրդ ունին. ընտանիքը կը սպասէ անոր քրոջ ծնելուն: «Մտահոգւում էի մայրիկի համար, եւ, որ կը ծնուի քոյրս, իսկ ես դեռ տնից եւ ընտանիքից հեռու կը լինեմ: Հիւրանոցում էինք, երբ տղաները եկան ու ասացին, որ վաղն առաւօտեան ճանապարհւում ենք տուն», ըսաւ Արմինէն:
Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները դիմաւորելու եկած էր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Յասմիկ Մինասեան:
15 children Arzakh return is highly symbolic to persist in HOMELAND.
Finally, expert linguistic Hamlet Pegtashian, is the FIRST Important
person ASKING RETURN TO REAL ARMENIAN DISFIGURED WRITING
CHANGE, AFTER 100 YEARS IMPOSED BY Stalin. CUTTING/ EXPENDING
words ARTIFICIALLY FROM ORIGINAL WAY, INTENTION: DIVIDE ARMENIA
AND DIASPORA ARMENIANS, TO NOT UNDERSTAND EACH OTHER IN
WRITING.. USING RAFFI’S WRITTEN WAY, UNDERSTANDABLE TO ALL..
290 YEARS SLAVERY, FALSE PROTECTOR, VAMPIRE FOR OUR NATION,
STABBER FROM BACK, MUST LEAVE, DESPITE 1 CENTURY BRAIN WASHED
UNAWARE MOB, MOSTLY PAID TO BE PRO BOLSHEVIK RUSSIA, WHO IS
FORBIDDING TO LEAVE RUSSIA, TO BE USED AS ” GUN MEAT” LIKE WW1
AND WW2!!. THIS YEAR IS CRUCIAL FOR ARMENIA, 15 SOLDIERS BURNED
IN BED, THIS IS LIQUIDATION OF ARMY SPIRIT, NO BODY UNDERSTANDS
GRAVITY OF ****NOT REALIZING HUGE DANGER IS VERY CLOSE TO BLOW
OFF TO OUR FACE AS NATION****!!!!!. QUICK WAKE UP, REACT IS THE ONLY
WAY, UNITED IN ONE RESOLUTION, APPLY WISELY, VERY SOON.