ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատները կոչ ուղղեցին Իրանի նկատմամբ կիրարկուող նախագահ Ճորճ Պուշի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, հակադարձելով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց նորագոյն տեղեկագրի այն եզրակացութեան, թէ Իրան 2003 թուականէն ի վեր իր հիւլէական զէնքերու ծրագիրը դադրեցուցած է եւ ներկայիս չի փորձեր հիւլէական զէնքեր արտադրել։
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատ ղեկավար Հէրի Ռիտ յայտնեց, թէ յոյսով է, որ Սպիտակ տունը Իրանի հետ կապ հաստատելու «դիւանագիտական արշաւի» մը պիտի ձեռնարկէ։ Ռիտ ըսաւ, թէ «կը յուսամ, որ այս վարչակազմը այս տեղեկագիրը ուշի ուշով պիտի կարդայ եւ ըստ այնմ Իրանի վերաբերեալ իր կարծիքներն ու քաղաքականութիւնը պիտի յարմարցնէ»։ Ան յայտնեց, որ Պուշի վարչակազմը պէտք է Խորհրդային Միութեան հետ կապ հաստատելու նախկին նախագահ Ռանըլտ Ռեկընին օրինակին հետեւի։
Նախագահական դեմոկրատ թեկնածուները եւս Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած ձայնասփիւռային բանավէճի մը ընթացքին քննադատեցին Իրանի հանդէպ Պուշի որդեգրած քաղաքականութիւնը:
Նախագահ Պուշի բարձրաստիճան խորհրդատու մը ըսաւ, թէ տեղեկագիրը «դրական» է, սակայն հիւլէական Իրանի մը վտանգը կը շարունակէ «լուրջ» մնալ։
Պուշ Չորեքշաբթի օր կրկնեց, թէ տեղեկագիրը պատճառ պէտք չէ դառնայ, որ Իրանի վրայ ճնշումները մեղմանան:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք նշեց, որ Իրան հաւանաբար վերսկսած է իր զէնքերու ծրագիրին։ Ան իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «կը թուի, թէ Իրան 2003 թուականին որոշ ժամանակի համար դադրեցուցած է հիւլէական զէնքերու ծրագիրը, սակայն որքան որ գիտենք, այդ ծրագիրը վերսկսած է»։ Ան աւելցուց, որ ամերիկեան տեղեկագրին նման տեղեկագիրները «մեծ անստուգութեան մթնոլորտի մը մէջ կը պատրաստուին»։
Հրապարակուած տեղեկագիրը, որ հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու 16 գաղտնի սպասարկութեանց ունեցած տեղեկութեանց վրայ, «մեծ վստահութեամբ» կը յայտնէ, որ Իրան միջազգային ճնշումին պատճառով 2003 թուականին կասեցուցած է իր հիւլէական ծրագիրները։ Տեղեկագիրը «չափաւոր վստահութեամբ» կը նշէ, որ ծրագիրը չէ վերսկսած։ Տեղեկագիրին հեղինակները կ՚եզրակացնեն, թէ Իրան մինչեւ 2010-2015 հիւլէական զէնք կառուցելու համար բաւարար հարստացած իւրանիոմ պիտի չունենայ։
Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատու Սթիվըն Հէտլի յայտնեց, որ տեղեկագիրը կը հաստատէ, թէ Միացեալ Նահանգներ իրաւունք ունի մտահոգութիւն ունենալու Իրանի հիւլէական ծրագիրներուն գծով եւ նախագահ Պուշ «ճիշդ ռազմավարութիւնը» ունի։ Ան ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը պէտք է դիւանագիտական մեկուսացում, ՄԱԿի պատժամիջոցներ եւ այլ տնտեսական միջոցներ օգտագործելով շարունակէ «Իրանի վրայ ճնշումը բարձրացնել»։
Միւս կողմէ, Իրան ողջունեց նոր տեղեկագիրը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքի յայտնեց, որ ինք կ՚ողջունէ ամերիկեան կարծիքի այս փոփոխութիւնը։ «Բնական է, որ զայն կ՚ողջունենք, երբ այն երկիրները, որոնք անցեալին այս հարցին վերաբերեալ հարցադրումներ եւ անորոշութիւններ ունէին…ներկայիս իրապաշտ կերպով իրենց տեսակէտը կը բարեփոխեն», ըսաւ ան։
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը ամերիկեան տեղեկագիրը «յաղթանակ» մը նկատեց։ Պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Իրան պարկեշտ էր եւ այդ մէկը ապացուցուած է, մինչ տեղեկագիրը ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց բացթողումները յայտնաբերած է։