ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Լրագիր».- Դեկտեմբեր 28ին Երեւանի Բաղրամեան-Կասեան-Քիեւեան եւ Բաղրամեան-Օրբելի հանգոյցներու բացման արարողութիւնները տեղի ունեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, տարածքային կառավարման նախարար, փոխվարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, ելեւմուտի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ:
Հանգոյցներու բացման արարողութիւններու ընթացքին նախագահ Քոչարեան, կարեւոր համարելով քաղաքաշինական ծրագիրներու իրականացումը, համոզում յայտնեց, որ ամէն տարի պէտք է նման աշխատանքներ կատարուին՝ Երեւանը աւելի յարմարաւէտ դարձնելու թէ՛ երեւանցիներուն, եւ թէ մայրաքաղաքի հիւրերուն համար:
Այս հանգոյցները նախագծուած են 1980ականներուն եւ հնարաւորութիւն կու տան Բաղրամեան-Պռօշեան խաչմերուկէն մինչեւ Կոմիտասի պողոտայ անարգել, առանց լուսացոյցներու երթեւեկել:
Բաղրամեան-Կասեան-Քիեւեան հանգոյցի ընդհանուր երկարութիւնը 226 մեթր է, լայնքը՝ 9 մեթր:
Իսկ Մարշալ Բաղրամեան պողոտայէն դէպի Օրբելի փողոցը տանող անցումը ունի 170 մեթր երկարութիւն եւ անցման երթեւեկելի մասի լայնութիւնը 5.5 մեթր է: