Կ’ապրինք դարաշրջան մը, ուր ժամանակ չկայ մեր սիրած բաները կամ օգտակար արարքը ընելու: Յաճախ կը լսուին «ատեն չունիմ» եւ «ժամանակ չունիմ» նամանօրինակ բացատրութիւնները:
Կարելի է այս բոլորէն եզրակացնել, թէ մարդիկ նոյնիսկ ժամանակ չունին խնդալու եւ այնքան լրջացած են, որ ծիծաղը հազուագիւտ դարձած է իրենց մօտ:
Ահա ճիշդ այս պատճառներով էր, որ լայնօրէն ընդունուեցաւ Զօհրապ Եագուպեանի խօսքը Ֆրեզնոյի թատերասէրներուն կողմէ, որոնք մօտ հարիւր յիսուն վայրկեան շարունական ծիծաղի մէջ էին:
Թատերական երեկոն տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Veteran’s Memorial Auditorium-ի մէջ, անցեալ Նոյեմբեր 10ին: «Եթէ ծիծաղը չգործածես, զայն կը կորսնցնես», ըսած է առածը:
Նիւթը մեր ամէնօրեայ ընտանեկան եւ ընկերային հոգերու եւ պատահարներու եւ ըսի ըսաւներու գումարն է:
Թնճուկը այնքան հարազատ եւ անկեղծ ու իրատես ձեւով ներկայացուած է, որ անկարելի է չխնդալ կամ չծիծաղիլ:
6 անադամներէ կազմուած այս խումբը հարազատօրէն ներկայացուց մեր կեանքին իրավիճակը եւ տուաւ կեանքի պատգամը, իր բոլոր մանրամասնութիւններով:
Մեր փափաքն է, որ այս խումբը կրկին անգամ հիւրընկալուի Ֆրեզնօ:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային վարչութեան
նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ» ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET