2008ը ամեակներու տարի է:
Մեր ազգային գանձերուն պատկանող անհատներու եւ միութիւններու ծննդեան եւ կամ մահուան տարեդարձներով հարուստ տարի մըն է այս տարին:
Նման թուականներ կը յիշատակենք ոչ միայն անցեալի իրագործումները գնահատելու, այլ նաեւ ապագայի զարգացման բարգաւաճման օրինակներ վերցնելու:
Որովհետեւ կը հաւատանք, որ իւրաքանաչիւր ամեակ իր հետ կը բերէ առիթը, որ մենք աւելի մօտէն ծանօթանանք յոբելեարի կեանքին, գործունէութեան, անոր ժառանգին եւ ապա, հիմնուելով այս բոլորին վրայ, վերանորոգուինք եւ թարմանանք, որպէսզի նոր շունչով եւ աւիշով շարունակել տանք երթը:
Իբրեւ համազգայնականներ, առաջնահերթութեան ճամբով նախ կը յիշենք մեր միութիւնը՝ «Համազգային»ը, որուն հիմնադրութեան 80ամեակը կը նկատենք պատմական անկիւնադարձային հանգրուան մը բոլորիս համար:
Նախ, այս առթիւ եւ առաջին իսկ հերթին կ’ուզենք բաժնել մեր անդամներուն եւ մշակութասէր համակիրներուն խնդակցութիւնը ու կը մաղթենք, որ վերանորոգ ուխտով շարունակեն իրենց աշխատանքը:
Ու ապա կ’ուզենք յետադարձ ակնարկ մը նետել, ուր պիտի տողանցեն անուններ գործիչներու, որոնք ստեղծեցին հոգեմտաւոր աշխարհ մը, փոխեցին մեր կեանքը, նորոգեցին մեր ապրելակերպը, նոր աւիշ եւ շունչ տուին մեր մտքերուն եւ հոգիներուն:
Այսպէս, 80 տարիներ առաջ, հայրենիքը կորսնցուցած ղեկավարութեան համար մեծագոյն մտահոգութիւն կը դառնար հայուն գոյատեւման հարցը:
Անոր համար հիմնեցին «Համազգային»ը, որովհետեւ ունեցան սրբազան տեսլականը մեր գոյատեւման:
Ու պատիւ իրենց, առաջին իսկ հերթին արդարացուցին իրենց նպատակը՝ հիմը դնելով Հայ Ճեմարանին, որ պատրաստեց ազգանուէր սերունդներ: Կրթական այս մեծ նախաձեռնութեան յաջորդեց հրատարակչականը, ապա թա-տերականը եւ այսպէս «Համազգային»ը ոչ միայն հայ մշակոյթ պահպանելով գոհացաւ, այլեւ դարձաւ զայն հարստացնողն ալ:
«Համազգային»ի 80ամեակի առթիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ծրագրած է կազմակերպել հրապարակային զանազան ձեռնարկներ, ջանալով բացայայտել սփիւռքահայ իրականութեան մէջ եզակի տեղ ունեցող այս մեծ միութեան համապարփակ դիմագիծը: Անկասկասած, որ մշակութային զանազան ծրագիրներով եռուզեռ մը պիտի ստեղծէ:
Այս ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ մամուլի եւ պատմական գրքոյկի մը մէջ հրատարակումը զանազան յօդուածներու եւ նկարներու, որոնք կրնան ըլլալ «Համազգային»ի մասին յուշեր, վկայութիւններ եւ առհասարակ հայ մշակութային կեանքի հետ առնչուող մտածումներ, խոհեր եւ նոր առաջադրանքներ։
Այս առթիւ վարչութիւնը դիմած է նաեւ իր հին ու նոր բոլոր անդամներուն:
«Համազգային»ը հայ ժողովուրդի սեփականութիւնն է անկասկած եւ իր ուժը կը ստանայ այն ժողովուրդէն, որ զինք ծնած է:
Ու կրկնութեան գնով կ’ըսենք նաեւ, թէ Հայ կրթական եւ մշակութային այս միութիւնը իր առաքելութիւնը հաստատօրէն կը շարունակէ՝ շնորհիւ իր անդամներուն ու մշակութասէր բարեկամներուն նութա-բարոյական աջակցութեան:
Հայոց պատմութեան մաս կը կազմէ ան, որ ինքզինք դարձուցած է մշակութային օճախ մը, որ կը պահուի յոյսով, սէրով եւ հաւատքով:
Անկասկած, որ մեր եւ մեզմէ առաջուան սերունդը աւելի միութենասէր եղած է կամ եղած էր: Աւանդապաշտ՝ անկասկած, որովհետեւ այս մէկը կու գայ իր անմիջական շրջապատէն իրեն յանձնուած դաստիարակութենէն:
Գիտենք, նաեւ որ մեր ներկայ ընկերութեան մէջ դիմագիծերու խաթարում մը կայ: Կայ նաեւ այն իրողութիւնը, որ կարելի չէ անտեսել՝ փլուզում:
Չեմ փորձեր ընկերութեան պատկերը առաւել սեւցնել: Սակայն այս է իրականութիւնը: Բայց 80ամեակի առթիւ, ամէն բանէ առաջ, իբրեւ միութենականներ, հաշուետուութեան կ’ուզենք կանչել մենք զմեզ եւ ապա չափել մեր իսկ պարտաւորութեան չափանիշը ու մեր պատասխանատուութեան սահմանները: Թերեւս հոն հանդիպինք շատ մը անախորժ անակնկալներու ու ասկէ մեկնած մենք զմեզ սրբագրենք: Այսպէս՝ նախաձեռնող ոգիի նուազում, ժամանակի ոչ բաւարար տրամադրուածութիւն, նիւթաբարոյական քաջալերանքի պակաս:
Սակայն բոլորս ականատեսներ ու վկաներ ենք, թէ «Համազգային»ը, գիտակից բոլոր այս դժուարութիւններուն, կը շարունակէ եւ տակաւին պիտի շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը, որովհետեւ մշակութային մեծ պատասխանատուութիւն ունի իր ուսերուն վրայ, իրապաշտ մտահոգութիւն մը, որ բոլորիս ծանօթ է:
Կը հաւատանք, որ «Համազգային»ի ապագայ գործունէութիւնը կը կարօտի կրկնակ ճիգի, լարումի եւ զօրաշարժի: Այլ խօսքով, համազգայնականը իր հիմնադիրներու խօսքը գործի վերածելը առաջնահերթութիւն պէտք է նկատէ:
Ժամանակակից մեր նոր սերունդը հաւանաբար անգիտակ է այս բոլոր տուեալներուն: Համակարգիչի դարաշրջան մը կ’ապրինք՝ իր առաւելութիւններով եւ թերութիւններով միատեղ: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք այս օրերուն մեր մտքերն ու անկէ ծորող տագնապներուն զիրենք ալ բաժնեկից դարձնել:
Կարելի չէ այսչափով գոհանալ. էական է, որ մեր ունեցած ջերմութիւնն ու խանդը փոխանցենք նոր սերունդին: Անոր համար նախ մենք պէտք է որ լրջօրէն ու պատշաճօրէն կազմաւորուինք: Կարգախօս փնտռելու ժամանակը շատոնց անցած է:
Մեզի համար կասկածէ դուրս է, թէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 80ամեայ պատմութիւնը խարսխուած է երկու կարեւոր եւ անքակտելի օղակներու վրայ: Առաջինը՝ հայ ժողովուրդի անվերապահ սէրն ու գուրգուրանքն է, իսկ երկրորդը՝ միութեան անդամներու անշահախնդիր եւ համեստ ծառայութիւնը:
Մէկը առանց միւսին չեն կրնար գործել:
Պէտք է այսօրուընէ գործի լծուիլ: Վաղը ուշ է արդէն:
Արձագանգ՝ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Մասնաճիւղերէն
Անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերը գումարեցին իրենց տարեկան անդամական ընդհանուր ժողովները, որոնց ընթացքին ընթացաւարտ վարչութիւնները ներկայացուցին իրենց միամեայ նիւթա-բարոյական տեղեկագիրները եւ ապա գնահատումներ, թելադրանքներ եւ առաջարկներ ստանալէ ետք, ընտրուեցան նոր վարչութիւններ:
Ստորեւ վարչական կազմերը՝ իրենց դիւաններով.-
1.- Սան Ֆրանսիսքօ – «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղ.-
Ռուբինա Գասպարեան՝ ատենապետուհի
Սեւակ Պատոյեան՝ ատենադպիր
Շահան Շահվեքիլեան՝ գանձապահ
Սեդա Սաատ, Անօ Նազարեան, Թամար Ֆարաճեան, Լիլիթ Սահակեան, Եսթեր Իսահակ եւ Նանի Թնճուկեան՝ խորհրդականներ
2.- Փասատինա – «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղ.-
Րաֆֆի Հարպոյեան՝ ատենապետ
Լիւսի Չուխաճեան՝ ատենադպրուհի
Նայիրի Հարպոյեան՝ գանձապահուհի
Մարի Թիւթէլեան՝ հաշուապահուհի
Աւօ Նալպանտեան՝ խորհրդական
3.- Սան Ֆերնանտօ Հովիտ – «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղ.-
Մարալ Դարբինեան՝ ատենապետուհի
Ժաք Արմուտիքեան՝ փոխատենապետ
Ձուիկ Կէտիկեան՝ ատենադպրուհի
Վահիկ Վարդապետեան՝ հաշուապահ
Արմիկ Պահրամեան՝ գանձապահուհի
Սեդա Ֆրունճեան՝ քարտուղարուհի
Սեդա Պալճեան՝ գոյքապահուհի
4.- Ֆրեզնօ – «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղ
Յովհաննէս Գարօղլանեան՝ ատենապետ
Ատրինէ Փոստոյեան՝ փոխատենապետուհի
Վարուժան Գալինեան՝ ատենադպիր
Մարի Մագարտեան՝ գանձապահուհի
Տիրուհի Քիւփէլեան՝ խորհրդական
«Համազգային»ի
Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային վարչութեան
նամակագրութեան
յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ »ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ«Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET