ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Յունուար 12ին, տեղական ժամանակով ժամը 12ին, Գաւառ քաղաքէն 18 քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք տեղի ունեցած է 5-6 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Ըստ սէյսմիք պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան նախնական տեղեկութիւններուն, ցնցումի զօրութիւնը Գաւառի մէջ եղած է 5 բալ, իսկ Երեւանի, Սեւանի, Արտաշատի, Վարդենիսի եւ Կարճաղբիւրի մէջ՝ 3-4 բալ:
Առաջին ցնցումին հետեւած են 3-4 բալ ուժգնութեամբ 3 յետցնցումներ ժամը 12:55ին, 15:57ին եւ 16:24ին:
Երկրաշարժի ժամանակ խուճապ առաջացած է յատկապէս Գաւառ քաղաքի բազմայարկ շէնքերուն եւ հաստատութիւններուն մէջ:
Բնակիչները, ուսանողները եւ պաշտօնեաները լքած են շէնքերը եւ հաստատութիւնները:
Ըստ Գեղարքունիքի մարզային փրկարարական վարչութեան պետ, փրկարարական ծառայութեան գնդապետ Մարտին Բարսեղեանի, աւեր, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, սակայն կարգ մը շինութիւններու մէջ յառաջացած են ճեղքեր:
Նշենք, որ վնասներու չափերը ճշդելու նպատակով, Գեղարքունիքի մարզպետարանին մէջ կազմուած է համապաստասխան յանձնաժողով: