Ուրբաթ, 21 Օգոստոս, 1964:
Պէյրութի նաւահանգիստի քարափներէն մէկուն վրայ մեծ խճողում էր։ Գեղեցիկ ու ամբողջովին սպիտակ գոյնի, Խորհրդային Միութեան ու Լիբանանի դրօշակներ կրող, ճամբորդատար հսկայ նաւ մը խարսխած էր։ Անիկա խորհրդային «Լաթվիա» նաւն էր, որուն շուրջ միայն հայերէն կը խօսուէր… Բազմաթիւ հայ ծնողներ, հարազատներ, ընկերներ եւ ծանօթներ եկած էին բարի նաւարկում-ճանապարհ մաղթելու խումբ մը պատանի աշակերտներու, որոնք կը մեկնէին հայրենիք՝ Խորհրդային Հայաստան, բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու…
Նաւահանգիստի մաքսատան պաշտօնեաները կը ստուգէին մեր ճամպրուկները… Մեզի՝ «տղաներուս» համար, սա մակերեսային ձեւականութիւն մըն էր, զոր չէինք նկատեր անգամ, քանի որ բոլորս կը պարուրէր անմեկնաբանելի յուզում եւ ուրախութիւն մը՝ վայրկեան առաջ նաւ բարձրանալ։ Գիտէ՞ք ինչ ըսել է այդ հսկայ նաւով Միջերկրական եւ Սեւ ծովերով, վեց օր ճամբորդել… Տարբեր երկիրներու նաւահանգիստներուն խարսխել, իջնել ու պտտիլ այդ քաղաքներու մէջ։ Ապա նաեւ վայելել նաւուն վրայի բոլոր բարիքներն ու հաճոյքները, նորանոր ծանօթութիւններ հաստատել ու միասնաբար հեքիաթային պահեր ապրիլ՝ Պէյրութէն մինչեւ Օտեսսա, անցնելով Լաթաքիայէն, Ֆամակուսթայէն, Աղեքսանդրիայէն, Փիրայոսէն, Կոստանդնուպոլսէն, Վառնայէն, եւ ապա Քոսթանցայէն։
Բարձրացանք, նաւ արագօրէն տեղաւորուեցանք մեզի յատկացուած «քապիններուն» մէջ, ապա կրկին բարձրացանք նաւու տախտակամածը, որպէսզի այդտեղէն դիտէինք մեր հարազատները։ Քիչ անց, լսուեցաւ նաւուն անճոռնի ճչակը՝ երեք անգամ հնչեց, ապա սկսաւ մեծ դղրդոցով հեռանալ քարափէն։ Մեզ բոլորս պատեց հարազատներէ հեռանալու յուզումը, որ աւելի խորացաւ, երբ նաւուն երաժշտական համոյթը, տախտակամածին տեղաւորուած, սկսաւ նուագել «Հայ կարաւան, հէ՛յ ջան կարաւան» յայտնի երգը։ Վայրկեաններ անց Պէյրութը մնաց հորիզոնին վրայ։
Այդ տարի, Հայաստան կը մեկնէինք քառասուներկու «նոր» ուսանողներ. շատերս իրարու ծանօթացանք նաւուն վրայ՝ Օննիկը, Պետիկը, Լութֆիկը…
Վեց օրուան նաւարկութենէ ետք հասանք Խորհրդային Միութիւն՝ Ուքրանիա, Սեւ ծովու ափին յայտնի Օտեսա քաղաքի նաւահանգիստը։ Երեւանէն յատուկ ժամանած հայրենի պատասխանատուներ մեզ դիմաւորեցին եւ տեղաւորեցին տեղւոյն հիւրանոցներուն մէջ։ Ըստ ծրագիրին, յաջորդ օրը պէտք էր օդանաւով մեզ ուղարկէին Երեւան։ Սակայն թռիչքային աննպաստ եղանակի պատճառով ճամբորդութիւնը յետաձգուեցաւ, եւ առիթ ունեցանք հինգ օր վայելելու Օտեսա քաղաքի գեղեցկութիւնը։ Հետեւաբար, փոխեցինք ճանապարհորդութիւնը ու շոգեկառքով երեք օր ետք հասանք Երեւան՝ Վրաստանի վրայով։
Երգեր, պոռթկումներ, բացականչութիւններ, ամէն մէկս իր յուզումը կ՚արտայայտէր իւրովի… Մենք կանգնած ենք հայրենի հողի վրայ։ Քիչ անց, դուրս գալով կայարանէն, դէմ յանդիման կանգնած էինք Երուանդ Քոչարի հռչակաւոր «Սասունցի Դաւիթ» արձանին։ Մեզի ուղեկցող պատասխանատուները, տարբեր պասերով բոլորս տեղափոխեցին «հանրակացարան»։ Այս մեզի համար նոր բառ մըն էր, որ շուտով պիտի ըլլար սովորական եւ այդ վայրը մեր սիրելի կացարանը։ Կը գտնուէր Լենինի անուան մայրուղիի թիւ 52 շէնքին մէջ (այժմ Մաշտոցի)։
Յուրախութիւն մեզի՝ անիկա մօտ էր Մատենադարանին, համալսարանին, այլ ուսումնական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեզի համար կարեւոր քանի մը խանութներու, սրճարաններու, յայտնի «փոնչիկանոցին» եւ «Կինօ Նայիրի»ին (շարժապատկերի սրահ)։
Մեզ տեղաւորեցին շէնքի երրորդ յարկի տարբեր սենեակներուն մէջ, մերինը ընդարձակ էր ու լուսաւոր, հինգ աշակերտներով տեղաւորուեցանք հոն։ Իսկ չորրորդ յարկին վրայ կը գտնուէր մեզի համար յատկացուած նախապատրաստական «ֆակուլտետը», ուր հետագային ամբողջ տարի մը ուսանեցանք։ Մեզի դասաւանդեցին հայոց լեզու (արեւելահայերէն), մանաւանդ որ մեր մէջ կային ոմանք, որոնք շատ տկար էին կամ ալ բնաւ չէին գիտեր մայրենի լեզուն, ռուսերէն, բնագիտութիւն, ուսողութիւն, քիմիագիտութիւն… Այսպիսով պատրաստուեցանք համալսարանի մուտքի քննութիւններուն։
Շաբաթ, 5 Սեպտեմբերին, նորէն քառասուն երկու նորեկներս տարին Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան նախարար Ք. Հայիրեանի առաջին տեղակալ Ա. Գափլանեանի մօտ։ Այստեղ սերտուեցան մեզմէ իւրաքանչիւրին կրթական վկայագիրները եւ որոշուեցաւ, թէ ամէն մէկս ի՛նչ կ՚ուզէ ուսանիլ կամ ո՛ր համալսարանը յաճախել։ Դուրս գալով իր մօտէն, զիրար կը շնորհաւորէինք։
Արդէն ուսանո՛ղ ենք։ Կրնա՞ք երեւակայել, կը հասկնա՞ք, թէ ինչպիսի՛ երազ մը իրականութեան վերածուեցաւ։ Ինչպիսի ապրումներ, յուզումներ, մտքի թռիչքներ։ Շատերուս համար եթերային երազ մը ճշմարտութիւն դարձաւ։ ՈՒՍԱՆՈՂ… Հայաստանի Պետական համալսարանի… Բոլոր ժամանակներու մէջ ալ, մարդուս կեանքի ընթացքին ուսանողական անհոգ տարիները եղած են ամէնէն գեղեցիկ ու երջանիկ ժամանակաշրջանը, եւ այսպէս սկսան մեր ամէնէն գեղեցիկ տարիները…
Հայրենի պետութիւնը մեզի կու տար բարձրագոյն կրթութիւն, կացարան, նիւթական ապահովութիւն եւ նոյնիսկ յատուկ գումար՝ օժտուելու ձմեռնային զգեստաւորումով։
Ուսանեցանք տարինե՜ր։ Աւարտեցինք տարբեր համալսարաններ ու վերադարձանք մեր երկիրները՝ իբրեւ ճարտարագէտ, բժիշկ, արուեստագէտ, լեզուաբան, երաժիշտ.. Տարածուեցանք Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ եւ ջանացինք բարձր պահել հայրենի ԲՈՒՀերուն (բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) վարկը՝ գրեթէ յաջողելով, յարգելի՛ ընթերցող: Յիսուն տարիներ առաջ, 1957ին, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները օգնութեան ձեռք մեկնեցին սփիւռքահայութեան, որդեգրելով իրենց ժամանակի ազգօգուտ մեծագոյն որոշումներէն մին՝ հայրենի ԲՈՒՀերու դուռները բանալ Սփիւռքի ուսումնատենչ երիտասարներուն դիմաց:
Այդպիսով մեր առաջին «ծիծեռնակները» Երեւան ժամանեցին այդ թուականին Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պուլկարիայէն, հետագային նաեւ այլ երկիրներէ: Այդպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 1995-1996:
Այդ ժամանակաշրջանին, հայրենի ԲՈՒՀերէն շրջանաւարտներու թիւը կը շրջանցէր երեք հազարը: Երե՛ք հազար համալսարանաւարտներ: Սիրելիներս, պահ մը պատկերացուցէք, թէ գիտութեան ինչպիսի «հզօր բանակ» մը պատրաստած է հայրենիքը:
Միասին քննարկելով՝ պահ մը ընդունինք, որ այսօր, մենք բոլորս իրարու միացած ենք, կազմած՝ շրջանաւարտից միութիւններ մեր գտնուած երկիրներուն մէջ, շարունակ կապի մէջ ենք իրարու հետ ու միասին կը ծրագրենք ազգօգուտ գործունէութիւն: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ այս մէկը ինչպիսի՞ տեսլական մըն է: Խնդրեմ, մեր հայ իրականութեան մէջ ցոյց տուէք միութիւն կամ կազմակերպութիւն մը, որ ունի բարձրագոյն կրթութեան տէր իսկական անդամներ:
Յարգելի՛ս: Այսօր մենք կը գտնուինք այդ բախտորոշ ու շրջադարձային թուականի 50ամեայ՝ «Ոսկեայ յոբելեանին» ընդառաջ: Եւ ի՞նչ: Մեզմէ ո՞վ, ի՞նչ ըրաւ հայրենիքին կամ ժողովուրդին՝ անշահախնդիր մօտեցումով: Այստեղ պիտի ուզէի առանձնացնել եւ յատկապէս յուշել մեր շրջանաւարտներէն բժիշկ Պետրոս Գումճեանի մասին՝ Ատիս Ապեպայէն: Նախապէս Գույումճեան, այժմ կ՚աշխատի ու կ՚ապրի Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքի մէջ: Ան իր անձնական ջանքերով հիմնական կերպով վերակառուցած է Երեւանի Շէնգաւիթի շրջանին հին ու աշխատունակ ծննդատունը, իրեն հետ բերած է բժշկական արդիական սարքաւորումներ, հիւանդանոցի մակարդակը բարձրացուցած արեւմտեան երկիրներու մակարդակին: Ան մարզած է տեղւոյն մասնագէտները, սորվեցուցած է այդ բոլորի կիրառումը եւ տարին 3-4 անգամ հոն ներկայ ըլլալով՝ վիրահատութիւններ կը կատարէ… ԱՆՎՃԱՐ: Բարձր եւ մեծ պատիւ իրեն:
Այսօր Լիբանանի սփիւռքահայ շրջանաւարտներու միութիւնը, (միակը իբրեւ այդպիսին՝ Սփիւռքի տարածքին), 20-22 ամիսներու աշխատանքով, գործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանի հետ, կրցաւ ծրագրել եռօրեայ գիտաժողով-տօնակատարութիւն մը նոյն համալսարանի սրահին մէջ, 2007ի Հոկտեմբեր 4,5 եւ 6ին՝ նուիրուած այս յիսնամեակին:
Յարգարժան շրջանաւարտ: Եկո՛ւր միասին՝ ինքնաքննադատութեամբ անդրադառնանք այն փաստին, թէ այսօր ես, դուն ու բոլորս, մեր ներկան՝ ինչպիսին որ այն է, գիտական, մասնագիտական ու նիւթա-բարոյական տուեալներով, կը պարտինք հայրենիքին, մեծ մասամբ: Այս մէկը մեզ բոլորս կը զանազանէ այլ համալսարաններէ շրջանաւարտներէն: Մենք Հայաստանի ԲՈՒՀերէն շրջանաւարտներ ենք: Այս ճշմարտութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ իբրեւ երախտագէտ անհատներու այլ ձեւով գործել, այլ տեսանկիւնէն մօտենալ ու մտածել մեզ յուզող խնդիրներու մասին: Հաւատա՛, ինչ որ կը քննարկենք միասին, շա՜տ դիւրին է: Գլխաւորաբար մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ կամեցող, արհամարհական ու անտարբեր «անբաղձալի» կեցուածք չունենալ, դրական ու շինիչ մօտեցում ցուցաբերել, կապի մէջ մնալ միութեանս հետ: Գործակցաբար փորձենք սատարել մեր ժողովուրդին հայրենիքի մէջ ու ի սփիւռս աշխարհի:
Թող հայկական բոլոր միութիւններն ու կուսակցութիւնները կատարեն իրենցը, որ խիստ կենսական է Սփիւռքի գոյատեւման համար: Եկէք մենք ալ մեր կարողութեան սահմաններու մէջ օգնենք անոնց, բայց չհրաժարինք անկէ՝ որ կը վերաբերի մեզի:
Քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ, եկէ՛ք այնպիսի ձեւով գործենք, որ հպարտութիւնը դառնանք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին:
Ի դիմաց շրջանաւարտից միութեան՝
ԲԺԻՇԿ ՊՕՂՈՍ ԺԻՐԱՅՐ ԳԱՐԱՎԵՐՏԵԱՆ:
Յ.Գ. Պիտի յուշեմ մեր միութեան կայքէջին հասցէն, ուր եւ կրնաք գտնել ձեր հարցումներուն պատասխաններն ու մեր հաղորդագրութիւնները:
www.hayasdanavardner.com, կամ HShM-Liban@namag.com