ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
1920ական թուականները կը զուգադիպին հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից վերիվայրումներուն։
1915-1923 թուականներուն oսմանեան ու թրքական իշխանութիւններուն գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական ալեկոծումներու։
Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը։ Միջին Արեւելքի երկիրները հանդիսացան գլխաւոր ապաստաններ։
Նոր պայմաններուն մէջ յեղաշրջուեցան նաեւ հայուն կենցաղը, բարոյականն ու մտայնութիւնը։ Հայը փոխեր էր իր տեղը։ Գիւղացին դարձեր էր վաճառական, արհեստաւոր, արդիւնաբերող։ Փոխուեր էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքի մէջ ան կը հանդիպէր հազար ու մէկ մրցակիցներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարիլ, պէտք էր յաղթել։ Կը ստեղծուէր բարոյական նոր ըմբռնում՝ յաջողիլ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին։ Հայու հոգին քաղքենիացաւ. յաջողիլը, ինչ միջոցներով ալ ըլլայ, դարձաւ անոր նպատակը։ Բնական է, որ նման միջավայրի մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը։
Ահա այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է, որ պէտք էր կազմակերպել եւ միացնել։ Անոր բոլոր հատուածներուն մէջ պէտք էր կապ ստեղծել։ Պէտք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կրնային նպաստել հայութեան միացման եւ յարատեւման։ Կար նաեւ ուրիշ պահանջ մը՝ հայ մտաւորականութիւն ստեղծել։ Մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը։ Թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան. գլխատած էր այն խաւը, որ կը մշակէր հոգեւոր արժէքներ եւ կը հաւաքէր հայութիւնը անոնց շուրջը։
Եւ դեռ, պէտք էր հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, տարագիր հայութեան ձեռքը գիրք տալ, գիրի եւ դպրոցի միջոցով կենդանի պահել հայ լեզուն դպրոցէն դուրս, ընտանիքներու մէջ։ Անհրաժեշտ էր հրատարակել մեր դասական գրականութիւնը, պէտք էր կապել հայը իր անցեալին հետ, տէր դարձնել զայն իր պատմութեան, դարաւոր ժառանգութեան եւ հարուստ մշակոյթին։
Հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւերժացման այս հարցը կը դրուէր մասնաւորաբար արաբական երկիրներու մէջ ապրող հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ։ Հարցը այստեղ աւելի կենսական էր, որովհետեւ հայութեան մեծ զանգուածները կեդրոնացած էին եգիպտական, լիբանանեան եւ սուրիական քաղաքներու մէջ, կ՚ապրէին համախումբ։ Այս հայութիւնը արդէն կազմակերպուած էր իբրեւ եկեղեցական համայնք։ Կային բազմաթիւ ազգային դպրոցներ, բայց չկար աւելի բարձր՝ միջնակարգ դպրոց, ուր ազգային դպրոց աւարտողները կարողանային շարունակել իրենց կրթութիւնը։ Անհրաժեշտ էր ճեմարան մը, որ ցանուցիր հայութեան կեանքին մէջ խաղար այն դերը, ինչ որ Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանը եւ Պոլսոյ «Կեդրոնական»ը խաղացած էին։
Այս գործին իրականացման գլուխը կը կանգնէին Եգիպտոս ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Նաւասարդեան, բժ. Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան։ Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան կը վարէին Աղեքսանդրիոյ «Պօղոսեան» վարժարանը։ Անոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի մը հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ։
Լ. Շանթ կ՚առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւնը, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան՝ Եգիպտոսի կամ Լիբանանի մէջ։
Լ. Շանթ իր առաջարկը Վ. Նաւասարդեանի հետ կը պարզէ Ն. Աղբալեանին։ «Լաւ միտք է,- կ՚ըսէ ան,- սակայն փո՞ղը. դրամը գաղափար չունի. իսկ գաղափարը դրամ չունի. մեր մէջ նա, ով գաղափար ունի, դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի, նա դրամ ունի։ Էդ հազար ոսկին դուք որտեղի՞ց պիտի առնէք, ո՞վ ձեզ հազար ոսկի կը տայ»։
Վ. Նաւասարդեան Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով՝ Գահիրէի մէջ կ՚աշխատին այս ծրագիրը ընդունիլ տալ Ստ. Եսայեանին եւ բժ. Հ. Օհանջանեանին. երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքի մէջ եւ մեծ հեղինակութեան տէր։
Լ. Շանթի առաջարկին առանց վարանումի կը յարին թէ՛ Ստ. Եսայեանը եւ թէ՛ բժ. Հ. Օհանջանեանը։ Անոնց կը միանայ նաեւ Գ. Իփէկեան։ Ասոնց համաձայնութիւնը առնելէ ետք Գահիրէ կու գան Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան։ Կը կատարուին շարք մը խորհրդակցութիւններ։ Ապա հիմնադիր ժողովին կը մասնակցին, բացի վերոյիշեալներէն, Մինաս Խաչատուրեան, Յակոբ Պալըգճեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Գուրգէն Մխիթարեան եւ Կարապետ Մալխասեան։
Այս ժողովին մէջ երկու տեսակէտներ կը բախին իրարու։ Լ. Շանթ, որուն միացած էր նաեւ Ն. Աղբալեան, կողմնակից էր սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան։ Անոնք կը բաւարարուէին միայն մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութեան մը վրայ՝ նիւթական տագնապի պատճառով։ Ընդհակառակը, Վ. Նաւասարդեան, բժ. Համօ Օհանջանեան, Ս. Մալխասեան կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր։ Ժողովը ի վերջոյ կ՚ընդունի երկրորդ տեսակէտը եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կը կնքուի «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւն»։
Նորաստեղծ ընկերութեան բանաձեւուած նպատակը ամբողջութեամբ պատրաստ էր արդէն 1928 Մայիս 28ին։ Այդ օրը վերջին անգամ ըլլալով կը սրբագրուի կանոնագրութեան նախագիծը եւ կ՚ընդունուի ամբողջութեամբ։ Այդ օրուան նիստն ալ կը նկատուի նոր ընկերութեան հիմնադիր նիստը։
(Շար. յաջորդիւ)
******************************************************************************************************************
ԼՈՒՐԵՐ՝ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ
2008Ի ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
«Համազգային»ի ուսանողական մշակութային հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւան, 13-27 Յուլիս, 2008ին:
Սոյն հաւաքին պատասխանատուները մասնակցիլ փափաքող համալսարանական տարիքի երիտասարդներէն արդէն սկսած են ընդունիլ դիմումնագրեր:
1995ին իր հիմնադրութենէն ի վեր, ամէն տարի մշակութային այս հաւաքը կը համախմբէ աշխարհի չորս կողմերէն հայ ուսանողներ, որպէսզի մօտէն ծանօթանան մայրենի հողին, հայ մաշկոյթին պատմութեան, ընկերութեան եւ հայրենի արդի կեանքին ու իրավիճակին:
Հաւաքը միեւնոյն ատեն կը միտի մասնակիցներուն լաւագոյն առիթ ընծայելու այցելելու հայրենիք, տեսնելու անոր տեսարժան վայրերը եւ մնայուն ու նոր կապեր հաստատելու հայրենի իրենց տարիքի երիտասարդներուն ու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նաեւ բացառիկ առիթ կ’ընծայէ համալսարանական հայ երիտասարդութեան՝ հայրենի երդիքին տակ իրարու մօտ համախմբուելով, զիրենք յուզող հարցերու մասին կարծիքներ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ մեր դարաւոր երկրի պատմութեան եւ մշակոյթին ծանօթանալու:
Հաւաքին մասնակցողները նաեւ առիթ պիտի ունենան ունկնդրելու շարք մը դասախօսներ, ներառեալ հանրածանօթ պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը եւ ուրիշներ:
Մշակութային հաւաքի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ դիմումնագիր ձեռք ձգելու համար հաճեցէք այցելել անոր կայքէջը՝ http://forum.hamazkayin.com:
Իսկ հարցումներու պարագային կարելի կապուիլ անոր E-mail forum@hamazkayin.com հասցէին: Դիմումնագրեր ընդունելու ժամկէտն է 1 Յունիս, 2008:
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Անցեալ ամիս, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերուն նման Օրէնճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղն ալ ընտրեց իր նոր վարչութիւնը՝ դիւանի հետեւեալ կարգով.-
Զարեհ Սափսըզեան՝ ատենապետ
Կիրօ Տօնապետեան՝ փոխատենապետ
Գոհար Զահեր՝ քարտուղար
Պաղտիկ Օհանեան՝ հաշուապահ
Շուշիկ Արսլանեան՝ գանձապահ
Մակի Տիշոյեան եւ Անի Մկրտիչեան՝ խորհրդականներ
Մասնաճիւղի ծրագիրներ.-
Յունիս 8՝ «Երազ» պարախումբի ձեռնարկ
Սեպտեմբեր՝ գրական երեկոյ
Հոկտեմբեր՝ Լոռի Թաթուլեան – «Համազգայի»ն 80ամեակի նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր
Նոյեմբեր՝ Պոլսոյ տոհմիկ երեկոյ
Յիշենք, որ ամէն Կիրակի եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք տեղի կ’ունենայ գիրքերու վաճառք: