2008: Այս տարի տարեդարձս է:
Թէեւ 1928 Մայիս 28ին ծնած եմ, սակայն զաւակներս, հետեւորդներս ու համակիրներս, այս ամբողջ տարուան ընթացքին, գրեթէ ամէն ամիս, աշխարհացրիւ հայահոծ գաղութներու մէջ, գեղեցկօրէն ծնունդս յիշատակեցին:
Հպարտօրէն կրնամ ըսել, թէ իմ այս ծնունդս պատահականութեան արդիւնք չէր: Հայ ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ տագնապող հայորդիներու տեսիլքէն էր: Անոր համար, կառչած մնացի ազգութեանս, դպրոցիս, մշակոյթիս ու հաւատք ունեցայ հայ դատին:
Ծնողներս ինծի համար մեծ դերակատարութիւն մը վստահած էին, անգնահատելի, որովհետեւ ծնած էի ի սէր եւ ի խնդիր հայ մշակոյթին անընկճելի ծառայութեան համար: Զիս աշխարհ բերած էին, որպէսզի սերունդները զիրար կապեմ: Անոնց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ վար ու ցան ընեմ եւ աւելին՝ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ու զարգացման անհրաժեշտ միջոցները որոնեմ:
Այս բոլորը պատմական անփոխարինելի առաքելութիւն մըն է, որ կու գայ իմ հիմնադիրներուս ոգիէն եւ գաղափարական մեծութենէն:
Տարեդարձս է:
Հայենիքէն մինչեւ Սփիւռքի բազմազան եւ բազմաշերտ գաղութներէն ներս, ազգային եւ հոգեկան արժէքներու իմ այդ աւանդապահները, մէկ խօսքով համազգայնականները, պատիւ իրենց՝ արժանավայել կերպով նշեցին 80 տարիներու վրայ երկարող կեանքիս բազմախիտ հիւսքը, միաժամանակ ինծի սրտանց բարի մաղթանքներ հասցէագրելով:
Աշխարհ ամբողջ լաւատեղեակ է, թէ ես համասփիւռքեան կազմակերպութիւն մըն եմ, անոր համար միւսներէն տարբեր եմ:
Սրտապնդիչ երեւոյթ է տեսնել ինծի նման միութիւն մը, որուն շուրջ ոչ դրօշակ կայ եւ ոչ ալ զինք համախմբող քայլերգ: Բայց միշտ ունենալով մեր դարաւոր մշկոյթի լոյսը տարածելու եւ զայն բարգաւաճ պահելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, պահեցի մեր ազգային իտէալին հմայքն ու գաղափարի զօրութիւնը, որ միաձուլեց մեր հաւաքականութեան երազները:
Եւ ինչ մեղքս պահեմ, տարեդարձս ամենուրեք հայ գիրի, խօսքի ու գրականութեան, հայ պարի, երգի, թատրոնի ու արուսետի տօնահանդէս մը դարձաւ, որուն ընթացքին, զայն հրամցնողներու շնորհքը խառնուեցաւ նոյն իրենց գաղութի հասարակութեան կեանքին, առաւել իմացական ու բարոյական աճում շնորհերով:
Հպարտօրէն, ականատես եղայ 8 տասնամեակներու վրայ երկարող կեանքս, գործելակերպս, աշխատանքս, ծրագրումներս ու ներկայութիւնս իմաստաւորող ձեռնարկներուն:
Անոր համար են այս տողերս: Բիւր շնորհակալութիւն:
Ոչ ոք կը հաւատար, որ ես կրնայի ապրիլ այսքան երկար եւ տակաւին բարգաւաճիլ:
Ոչ ոք:
Գիտեմ, որ ինծի եւ իմ նմաններուս համար պատկառելի է տարիքս:
Բայց, հակառակ այս տարիքիս, քալեցի կեանքիս ճակատագրային ճամբաներէն:
Շատ յաճախ որբացայ, բայց երբեք որբ չմնացի:
Ճամբու ընաթցքին շատեր կորսնցուցի:
Հիները գացին, բայց միշտ համոզուած էի, որ նորերը զիս ջերմացնելու պիտի գային:
Տարեդարձս է:
Բոլորը հաւաքուած են նշելու, յիշտակելու, ոգեկոչելու եւ միաժամանակ իրենց ուխտը նորոգելու: Եւ այդ էր հաւաքական հրճուանքը: Որովհետեւ իմ փեթակիս մէջ, հայ մշակոյթն է, որ լայն ծաւալով ծնունդի օրէս ի վեր, տեղ բռնած է:
Կը յիշեմ, տակաւին թարմ է մտքիս մէջ, թէ կարգ մը գաղութներէ ներս, բեմերուն վրայ ինծի համար պարեցին, ուրիշ տեղեր՝ ճառեր խօսեցան եւ աւելին՝ երբեմն բարձրաձայն երգեցին, արժանաւորները պարգեւատրեցին ու վերջապէս յիշատակեցին անյետաձգելի պարտականութիւններս ու մշակութային առաքելութիւնս ու ես կրկին անգամ ծաղկեցայ:
Այս բոլորը, գիտակցումի արտայայտութիւն ըլլալով հանդերձ, ազգային աւանադական վարկագիծին մաս կը կազմէին:
Դարձեալ՝ երախտագիտութիւն:
Այսօր, հպարտօրէն կը կրկնեմ, թէ ես 80 տարեկամ եմ:
Անցնող շրջաններուն, յառաջացած վտանգները դիմակայելու համար, հետեւորդներուս՝ իմ կեանքովս ու գործովս ճիշդ ճամբան ցոյց տուած էի: Հաւատացէ՛ք, այս օրերուն որքա՜ն կարիքը ունինք ճիշդ ճամբաներ առաջնորդուելու:
Տարիներու ընթացքին մեր մշակութային հարստութիւնը պահելու եւ պահպանելու պարտականութեան ընթացքին, շատ բաներ տեսայ՝ պատմական օրեր, տխուր օրեր եւ ժամեր:
Տեսայ որ շատեր յառաջացած վտանգներու սարսափին դիմաց հեռացան, կամայ եւ ակամայ: Իսկ ուրիշներ՝ ամրօրէն կառչած մնացին ու տեղի չտուին: Անոր համար, անկեղծօրէն ըսեմ, որ հրաշքներու համազօր իրականութեան հանդիպեցայ: Միշտ փորձեցի հետաքրքրութիւն ստեղծել հոգիով լեցուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Երբեմն յաջողեցայ, ընձիւղուեցայ եւ երբեմն ալ հակառակը պատահեցաւ: Ըսի չէ՞, երբեմն յոյսերս արդարացան ու ես այսպէս ճակատաբացօրէն ծառայեցի նպատակիս: Շնորհիւ մշակութասէրներու հոյլին, պահեցի բարձունքս ու դիրքս եւ ապրեցայ ժողովուրդիս հետ, միշտ ազնիւ նպաստս բերելով մշակոյթիս պահպանման գործընթացին: Չէ՞ որ ե՛ս մեր մշակոյթի պահակի պաշտօնն ալ ունէի: Հինէն ի վեր մարդիկ ըսած են ու այս առթիւ ես ալ կ’ուզեմ կրկնել, թէ մշակոյթը առարկայ մը չէ, որ սերունդէ սերունդ կարենաս փոխանցել: Այլ՝ անոր հոգին պէտք է փոխանցուի: Պէտք է այս գիտակցութիւնը պահուի:
Իսկ հիմա:
Հիմա, որ երբ այլեւս տարեդարձիս տօնախմբութիւններն ու տօնակատարութիւնները իրենց լրումին հասած են, հիմա, երբ միութենականներ սկսած են արժեւորումն ու գնահատականը պատրաստել իրենց այս աշխատանքներուն, ես ինծի հարց կու տամ՝ «Ասկէ ետք, ի՞նչ պիտի ընէք կամ ընեն՝ հետեւո՛րդներս:»
Կասկածէ դուրս է, թէ միութիւնները կ’արժեւորուին իրենց իրագործումներով եւ ոչ թէ անցեալի քանակով: Սակայն անկախ այս բոլորէն, դասական հասկացողութեամբ պէտք է իրականութեան աշակերտել: Պէտք է լիացնել արժէքը իրականութեան փնտռտուքով:
Գիտեմ, թէ մինչեւ հիմա դուք ինչ ըրիք եւ ինչեր չըրիք: Հիմա ինծի համար կարեւորն ու էականը այս մէկն է. վերջը ի՞նչ:
Ասկէ՞ ետք: Վաղը: Գալ տարի: Կամ հինգ-տաս տարիներ ետք: Կամ ալ յաջորդ յոբելենական համախմբումին. ո՞ւր հասած պիտի ըլլաք: Զիս որքանո՞վ որակի հասցուցած պիտի ըլլաք: Կամ՝ արդեօ՞ք անտէր եւ թափառական ապրած շրջաններէն ներս պիտի կարենամ ունենալ տաքուկ տուն մը, որ շուրջս հաւաքուած պահեմ երաժշտութեան, թատրոնի կամ երգի, նկարչութեան եւ կամ գրականութեան սիրահարները:
Ըսի չէ՞. սեփական կեդրոն մը, ուսուցչանոց մը, երաժշտանոց մը եւ կամ թատերասրահ մը:
Հաստատ գիտեմ, որ բոլորդ ալ յոգնած էք լոզունգներ լսելէ եւ արտայայտելէ: Գիտեմ, նաեւ որ այլեւս շատերուդ բերնին ծամօն դարձած է մարտահրաւէր բառը: Խե՜ղճ բառ. քեզ ամէն անգամ տեղի կամ անտեղի որքան օգտագործած են: Մաշեցուցած են քեզ կազմող գիրերդ: Հինցուցած են իմաստդ: Քեզ՝ հին ու մաշ դարձուցած ու նոյնիսկ իմաստազրկած են:
Յիշեցնեմ, որ Մեսրոպ Մաշտոցի դարաշրջանին ալ կային այս մարտահրաւէր ըսուածները: Անոր համար մեծ վարդապետը, մեր ազգային զէնքն ու զրահը հնարեց: Մարտահրաւէրներէն անդին, այս օրերուն կարեւորը նախ ախտաճանաչումն է: Ինքնագիտակցութիւնը: Եթէ կ’ուզէք՝ ինքնաքննադատութիւնը:
Ինչ որ տեղի կ’ունենայ այսօր, չեմ ցանկար, որ պարագայական երեւոյթ մը ունենայ: Ինծի համար իմաստ չունի ձրի հպարտութիւնը: Հաւատացէ՛ք: Կը կարծեմ, որ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել ու ենթարկուիլ: Ձեւապաշտ վիճակէն դուրս գալ: Միշտ հրապոյր եւ հաճոյք չփնտռել: Ստեղծել յարմարագոյն եւ օգտաշատ մթնոլորտ մը մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը հետաքրքրող եւ ներառնող: Հաւատացէ՛ք, էականը այս բոլորին՝ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ ընկալումն է:
Յաջորդող տարիներուն եւ ծրագրումներուն համար բծախնդիր նախաձեռնութիւնները պէտք է, որ ըլլան, որոնց շնորհիւ սահմանուին նոր ուղիներ, նոր անդամներով բազմացած:
Երիտասարդացում բառն ալ ծամօն դարձած է: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ տարիքէն անկախ՝ մտքի ու կորովի երիտասարդ մնալն է, որ զիս ու իմ միջոցովս ալ ազգային գոյատեւման ծառայող կռուանները հաստատ կը պահեն:
Ուստի, իբրեւ առաջնահերթութիւն՝ կամաւորներու կողքին նիւթական նոր խարիսխներ պէտք է ստեղծել եւ ապահովել ու չմոռնալ քաջալերել, շունչ եւ քրտինք տուող մշակութասէրներուն: Կը յուսամ յարատեւութեամբ ու ծրագրուած ձեւով պիտի կարենաք ապահովել գալիք ճանապարհս:
Բարի նոր երթ բոլորիդ:
—————————————————————————————————————————————————-
Լուրեր Փասատինայէն
Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութիւնը Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 80 ամեակին նուիրուած կազմակերպած է իրարայաջորդ հետեւեալ ձեռնարկները.-
1.- Ցուցահանդէս
Վայր՝ Ազգային Առաջնորդարանի սրահ. հասցէ՝ 6253 Honolulu St. La Crescenta, CA.
Բացում՝ Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր, 2008, երկոյեան ժամը 8-10
Շաբաթ եւ Կիրակի, 8 եւ 9 Նոյեմբեր, 2008, կէսօրէ առաջ ժամը 11-5
Արուեստագէտներ՝ Մինաս Հալաճ, Կարպիս Պարթանեան, Սամուէլ Հալաճ եւ Յարութ Չուլհայեան
2.- Գեղարուսետական Երեկոյ
Կիրակի, 14 Նոյեմբեր, 2008, Երկոյեան ժամը 8:30ին, Փասատինայի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ. հասցէ՝ 740 E. Washington Blvd. Pasadena, CA
Մասնակցութեամբ՝ Փասատինայի Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի «Լոռի» պարախումբին. պարուսոյց՝ Լիլիա Մարգարեան. սրինգ՝ Զուարթ Չուլհայեան, ասմունք՝ Ճեմմա Քէշիշեան եւ Դաւիթ Կէցոյեան:
Մեր ջերմ փափաքն է, որ մեր հասարակութիւնը իր ներկայութեամբ քաջալերէ մեր արուսետագէտները եւ նեցուկ կանգնի 80 ամեակի մեր մեծ ընտանիքին մշակութային նման ծրագրումներուն:
Բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն: