Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանը հիմնուած է 1979ին, օրուան Վիեննական Մխիթարեան, Լոս Անճելըսի հայ կաթողիկէ առաջին ժողովրդապետ՝ Հայր Միքայէլ վրդ. Ագեանի կողմէ, իբրեւ Մխիթարեան Միաբանութեան պատկանող վարժարան: Հ. Միքայէլի այս խիզախ նախաձեռնութեան մեծ քաջալերողը եղած է օրուան Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանրական աբբահայրը՝ գերպ. Հ. Գրիգորիս Ծ. վրդ. Մանեան:
Մխիթարեան վարժարանը հիմնուած էր հայաշատ Լոս Անճելըսի Հոլիվուտ արուարձանին մէջ, 4600-4610 Fountain փողոցին վրայ: Առաջին տարին՝ 1979-1980, միայն մանկապարտէզ բացուած է, եւ մինչեւ դպրոցական տարուան վերջը՝ 26 աշակերտ ունեցած է:
Քանի որ Հ. Միքայէլ վրդ. Ագեան հովուական գործով կլանուած էր, աւելի Հ. Գրիգոր վրդ. Հէպոյեանը կը նայէր դպրոցին, իսկ տարի մը ետք իբրեւ տնօրէնութեան օգնական առնուած էր Հ. Տաճատ վրդ. Եարտըմեանը, Վենետիկի Մխիթարեան Ուխտէն:
Յաջորդ տարիներուն Հոլիվուտի Մխիթարեան վարժարանը օրէ-օր նոր աշակերտներով այնքան կը լեցուի, որ ստիպուած երկու նոր դասարաններու շէնքեր ալ կը շինուին՝ հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններուն համար:
Սակայն Մխիթարեան վարժարանի նպատակն էր մինչեւ 12րդ աւարտական դասարանը հասնիլ: Նոր շէնքի մը շինութեան համար՝ տրամադրութեան տակ գտնուող հողը անբաւարար ըլլալով, 1984ին կը վարձուի Լա Քրեսէնթայի մէջ, 4900 Maryland փողոցին վրայ գտնուող պետական ընդարձակ վարժարանի campus-ը, որ քսան տարիներէ ի վեր թողլքուած ըլլալով, բաւական վնասներու ենթարկուած էր:
1984ի ամառը իբրեւ օգնական Վիեննայէն կը հասնի Հ. Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեանը, եւ գիշեր-ցերեկ աշխատելով վարժարանը կը նորոգուի, կը ներկուի ու կը մաքրուի, այնպէս որ 1984ի Հոկտեմբերի սկիզբը, քիչ մը ուշացումով, հնարաւոր կը դառնայ վարժարանին բացումը: Հ. Օգոստինոս 1988ին դարձեալ Վիեննա կը վերադառնայ:
Լա Քրեսէնթայի դպրոցավայրին վրայ աշակերտութեան թիւը մինչեւ 379ի բարձրացաւ, եւ երկրորդական բաժիններու հարկը տեսնելով, բացուեցաւ նաեւ երկրորդական բաժնի առաջին՝ իններորդ դասարանն ալ: Սակայն յաջորդ տարին, դրացիներուն առարկութեան վրայ, երկրորդական բաժնի հրամանագիրը պետութեան կողմէ մերժուեցաւ: Ասով, վարժարանը Լա Քրեսէնթայի մէջ միայն ա՛յդ տարին ունեցաւ իններորդ դասարան:
1991-1992ին վարժարանը վարած է Հ. Մեսրոպ Թօփալեան:
1992 Յուլիսին Հ. Օգոստինոս վարիչ-տնօրէն կը կարգուի եւ մինչեւ Հ. Միքայէլի մահը՝ 1995, միասին վարած են վարժարանը: Այս նոյն տարին իբրեւ փոխ-տնօրէն Վիեննայէն կը հասնի Հ. Ներսէս Սագայեան:
1996-1997 դպրոցական տարեշըրջանին պետութենէն ծանուցագիր մը կը հասնի մեզի, թէ 1997-1998 տարեշրջանին համար, այլեւս վարձու պիտի չկարենայինք ունենալ Լա Քրեսէնթայի դպրոցը:
Նոր դպրոցավայրի մը համար փնտռտուքները շարունակելով, 1998ին վերջապէս, Թահանկայի մէջ, Լա Քրեսէնթայի վարժարանէն ոչ շատ հեռու, 6470 Foothill Blvd.-ի վրայ գտնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին պատկանող ներկայ հողը, եւ կանխիկ (cash) վճարելով, անմիջապէս առինք:
Այս հողը 1998 Յունիսին գնուելէ ետք, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն բառացիօրէն, կրկին վճարելով, գիշեր-ցերեկ հսկայական աշխատանքներ տարուելով, որոնց մէջ իր ինքնամոռաց, անձնազոհ շատ մեծ անձնական արժանիքներն ունի Հ. Ներսէս վրդ. Սագայեանը, ամբողջ շէնքի ներքնամասը բոլորովին նոր բաժանումներով՝ դասարաններու ու գրասենեակներու կը վերածուի: Պէտք է անկեղծաբար խոստովանիմ, որ Հ. Ներսէսը եղած է ներկայ վարժարանին գոյութիւնը ապահովելու համար՝ ամենաշատ յոգնող անձը:
Կը գնուի նաեւ հողին կից գտնուող ինքնաշարժներ նորոգելու hangar մը, որուն կողքին կը բերուին prefabricate չորս շէնքեր, առաջինէն մինչեւ հինգերորդ դասարաններուն, գիտութեանց եւ համակարգիչներուն ու Ծնողա-Ուսուցչական յանձնախումբի գործածութեան համար:
Իրապէս հրաշքի համազօր կարելի է համարել, որ այս ամէնը երկու ամսուան մէջ պատրաստելով, 1998-1999 դպրոցական տարին հանդիսապէս բանալ կրցանք վարժարանը, 1998 Սեպտեմբեր 8ին, Աստուածամօր ծննդեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնարկութեան 298րդ տարւոյն օրը:օ
Սակայն այս փոխադրութեան ժամանակ, քանի որ մեծ անստուգութիւն կը տիրէր եւ Մխիթարեան վարժարանին հանդէպ կորսուած էր ժողովուրդին հաւատքը, աշակերտութեան թիւը 350էն 200ի իջաւ:
Նոր վարժարանին մէջ բացուեցաւ նաեւ իններորդ դասարանը, այն հեռանկարով, որ մինչեւ 12րդ պիտի հասնինք: Սակայն երբ պաշտօնական հրամանագիրները ուզեցինք ունենալ, թէպէտ ստացանք ալ ատոնք, սակայն պայման դրուեցաւ, որ դրացիները առարկութիւն պէտք չէ ընեն: Դրացիները մինչեւ այսօր արգելք կը կենան, քանի որ երթեւեկը շատ պիտի ըլլայ եղեր: