Վարակիչ խանդավառութիւն մը կը ճառագայթէ այս երիտասարդէն: Հայաստան ծնած է, ապրած է Փոքրիկ Հայաստանի մէջ, որուն հանդէպ անօրինակ հաւատարմութիւն մը կը դրսեւորէ, կարծես հատուցելու համար հայրենիք Հայաստանի հանդէպ հաւատարմութիւն արտայայտելու անկարողութիւնը:
Ծնած է Հայաստան, սակայն այնտեղ հազիւ քանի մը ամիս ապրելու առիթ ունեցած է: Մէկ տարեկանը չբոլորած, 1984ին, ընտանիքով փոխադրուած են Կրասնոտար, ուրկէ 1990ին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս, բնակութիւն հաստատած Փոքրիկ Հայաստանի մէջ ու անկէ ետք, առնուազն իր գիտակից կեանքի ընթացքին, միշտ ճիգ թափած է, որ այստեղ շարունակէ իր բնակութիւնը, այստեղ ունենայ իր գործը (հայրը արդէն այստեղ ունի Դուին ճաշարան-սրահը):
Կը ճանչնայ Փոքրիկ Հայաստանը իր բոլոր կողմերով: Լաւագոյն յարաբերութիւններ ունի այն բոլոր ազգային խումբերուն հետ, որոնք կը բնակին այս շրջանին մէջ: Ինք աւարտած է Հոլիվուտ Հայ Սքուլը: Ականատես եղած է շրջանի զարգացման, դիմագիծի փոփոխութեան: Մարզիկ եղած է, ամերիկեան ֆութպոլի մէջ վարպետութիւն ցուցաբերած եւ նոյնիսկ դպրոցի խումբի ղեկավարը դարձած:
Համալսարանական կրթութիւնը ստանալու համար նախ յաճախած է Վալի քոլէճ, ուր եղած է ոչ միայն հայ ուսնանողական միութեան ղեկավար, այլ քոլէճի համայն ուսանողութեան նախագահ: Ապա գացած է Ֆրեզնօ, ուր շարունակած է ֆութպոլ խաղալ՝ ուսման զուգահեռ, սակայն շատ երկար չէ դիմացած այդ քաղաքի կեանքին ու անցած է Արեւելեան Ամերիկայի շրջան, յաճախելով ու աւարտելով Պոսթոնի Նորթ Իսթըրն համալսարանը: Համալսարանը աւարտելէ ետք վերադարձած է Փոքրիկ Հայաստան:
Նախանցեալ տարի, 2007ին ամուսնացած է: Պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Ունի մէկ զաւակ:
Փոքրիկ Հայաստանի մէջ երեսուն հազար մարդ կը բնակի, կ’ըսէ Սամուէլ, որոնց 26 տոկոսը հայ է եւ 43 տոկոսը մեքսիքացի: Լոս Անճելըսի քաղաքային ընտրական տասներորդ շրջանին մաս կը կազմէ Փոքրիկ Հայաստանը: Ընտրեալ ներկայացուցիչը՝ Էրիք Կարսեթի, որուն հետ հայ համայնքը եւ ինք, Սամուէլը, անձնապէս մօտիկ ու սերտ յարաբերութիւններ ունին:
Իր քաղաքական-համայնքային գործունէութիւնը սկսած է իբրեւ մէկ անդամը երիտասարդներու այն խումբին, որ տարիներ առաջ ձեռնարկեց Փոքրիկ Հայաստանի մէջ Ապրիլեան Եղեռնի քայլարշաւի կազմակերպման: Հիմա ինք արդէն մաս չի կազմեր այդ խումբին:
Զինք հետաքրքրողը այս տարածքի վրայ հայ գործարարներն ու գործատէրները միացնել է: Ատոր համար ձեռնարկած է Առեւտուրի պալատի Հոլիվուտի հայկական մասնաճիւղի ստեղծման աշխատանքներուն: Արդէն 60 գործարարներ միացած են Պալատին: Սամուէլի թիրախը՝ այս թիւը մինչեւ տարեվերջ հասցնել է 800ի:
Հայ գործարարները վստահ եմ պիտի անդրադառնան, որ միանալով Պալատին, իրենց հաւաքական սակարկումներու դիրքն է որ կը զօրացնեն իրենց բոլոր տնտեսական բնոյթի յարաբերութիւններուն մէջ: Միանալով, նաեւ աւելի յարմար արժէքներ կ’ապահովեն զիրենք հետքրքրող ապրանքատեսակներու գնման ատեն, կրնան աւելի յարմար ապահովագրական պայմանագրերու առաջարկներ ստանալ, կրնան բազմաթիւ նոր առիթներու հանդիպիլ՝ պարզապէս այն ցանցի միջոցաւ, որ պիտի դրուի իրենց տրամադրութեան տակ՝ իբրեւ անդամները պալատին: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Պալատը կարելիութիւն կ’ընձեռէ իր անդամներուն՝ գործակիցներ գտնելու, առ նուազն շփուելու գործարար մարդոց հետ, որոնք կրնան հետաքրքրուիլ իրենց հետ համագործակցելու գաղափարով:
Իբրեւ կառոյց, Պալատը ոչ-շահութաբեր հիմնարկ է, արձանագրուած Հարկային համապատասխան մարմիններու մօտ, ունի 501-C3 կարգավիճակ:
Քաղաքական ասպարէզով հետաքրքրուած ըլլալու գծով մեր ըրած հարցումներուն՝ Սամուէլ խուսափողական պատասխաններ կու տար: Սակայն իր եռանդը, իր հետաքրքրութեան ծիրը, իր պատրաստութիւնն ու փորձառութիւնները, կրնան իրեն առջեւ քաղաքական փայլուն ասպարէզի մը հեռանկարները ստեղծել:
Փոքրիկ Հայաստանի պարագային, Սամուէլ ունի քանի մը անմիջական ծրագիրներ: Նախ կը փորձէ իրականացնել 101 ազատուղիէն Սանսէթ Պուլվարտ ելքի եզրին ցուցանակի մը զետեղումը, որուն վրայ գրուի՝ «Լիթըլ Արմենիա»: Ապա նաեւ ճիգ կը թափէ, որ Հոլիվուտի նամակատան կեդրոնատեղին հայկական անունով մը օժտուի:
Սամ բնաւորութեամբ ընդհանրապէս հաղորդական է, բաց: Լաւագոյն յարաբերութիւններու մէջ է շրջանի ոչ-հայ շրջանակներու, բնակիչներուն ու քաղաքական գործիչներուն հետ:
Այսու հանդերձ, ինք եւս մտահոգ է, որ հայ համայնքը իր քաղաքացիական իրաւունքներու տէր կանգնելու ուղղութեամբ բաւարար աշխատանք չի տանիր: Պէտք է անպայման բարձրացնել համայնքի քաղաքական զգօնութիւնը, կազմակերպել անոր ոյժը, եւ այդ ուղղութեամբ առաջին հերթին պէտք է խրախուսել մեր հայրենակիցները՝ արձանագրուելու իբրեւ քուէարկող եւ մասնակից ըլլալու ժողովրդավարական գործընթացին: