ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Մայիս 14ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան յատուկ ներկայացուցիչ Պրայեան Ֆոլինի հետ հանդիպման ընթացքին, անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Պաքուի մէջ մէկ օր առաջ կատարած յայտարարութիւններուն՝ նշած է, որ Թուրքիոյ փորձերը՝ միջամտելու արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման գործընթացին, կրնան վնասել անոր:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի բնորոշումով, ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան Մինսկի խումբի եռանախագահներու միջնորդութեամբ՝ մատրիտեան առաջարկութիւններու հիման վրայ, եւ կողմերը կը փորձեն մօտեցնել իրենց դիրքորոշումները: Ան աւելցուցած է, որ եթէ Թուրքիան կ՛ուզէ օգնել հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, ապա ամենաճիշդ ձեւը կ՛ըլլայ ընդհանրապէս չխառնուիլ այդ հիմնախնդիրի հանգուցալուծման գործընթացին:
Նշենք, որ Նալբանդեան Հինգշաբթի օր, հանդիպած է նաեւ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ, անոր հետ գլխաւորաբար քննարկելով ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող հարցեր: