ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կարծքիով, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութեանց լոյսին տակ, «Հայաստանը մի անգամ եւ ընդմիշտ պէտք է ասի, որ նման խաղեր այլեւս հանդուրժելի չեն, եւ Հայաստանը պէտք է դադարեցնի բանակցութիւնները»: Նշենք, որ Էրտողան Պաքուի մէջ յայտարարծ էր, որ հայ-թրքական սահմանները չեն բացուիր եթէ Ղարաբաղի հարցը չլուծուի Ատրպէյճանի նախատեսած ձեւով:
«Անհաւանական չէ, որ այս տարի Արցախի հարցի կարգաւորման, այսպէս կոչուած՝ սկզբունքների շուրջ, համաձայնագիր ստորագրուի, որը չի բխում Արցախի խնդրի լուծման տրամաբանութիւնից եւ Հայաստանի շահից», յայտնած է Մանոյեան: Ան նաեւ տեսակէտ արտայայտած է, ըստ որուն, «Նման համաձայնագրի ստորագրումից յետոյ, այն անմիջապէս չի կիրառուելու. ընդամէնը սկզբունքների շուրջ համաձայնութիւն է, յետոյ դա պէտք է վերածուի իրաւական փաստաթղթի, որը կարող է ինքնին մի քանի տարի տեւել: Բայց էլի, եթէ դա անմիջապէս չի կիրառուելու, չի նշանակում, որ անվնաս չէ: Կարող է եւ մեծ վնաս պատճառել, մանաւանդ, եթէ այդտեղ խօսուի ընդհանուր բաների մասին, տարածքների մասին, խորհրդային շրջանի վարչական տարածքների, սահմանների, եւ ոչ թէ՝ այսօր իրականում գոյութիւն ունեցող սահմանագծի մասին: Դա ինչ որ կողմից մեզ թէկուզ գործնականօրէն, ոչինչ չի տուել, բայց, փաստօրէն, քաղաքականօրէն ինչ որ բան յանձնել ենք»:
Ըստ Մանոյեանի, հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան չի խօսիր Ղարաբաղի անկախութեան մասին, մենք արդէն պատրաստակամութիւն կը յայտնենք զիջումներ կատարելու, տարածք տալու: Վարչապետ Էրտողանի Պաքուի յայտարարութիւնները, ըստ Հայ Դատի գործիչին, աւելի եւս կը կոշտացնեն Ատրպէյճանի դիրքորոշումները Ղարաբաղի հարցին գծով:
Կիրօ Մանոյեանի խօսքերով, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն ուզեր դուրս գալ բանակցութիւններէն՝ հետապնդելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ մշակուած մարտավարութիւն մը, ըստ որուն, եթէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները նոյնիսկ որեւէ արդիւնք չտան, «մենք աշխարհին ցոյց կը տանք, որ պատրաստ էինք առանց նախապայմանների բանակցել, իսկ եթէ հիմա Հայաստանի իշխանութիւնները դուրս գան բանակցութիւններից, կը ստացուի, որ իրենք են տապալում բանակցութիւնները»:
«Ի սկզբանէ պէտք էր իմանալ, որ մենք գործ ունենք Թուրքիայի նման երկրի հետ եւ թուրքական դիւանագիտութիւնը կարող է նաեւ այդպիսի իրավիճակներ ստեղծել, դրա համար էլ կարելի չէ, ընդունելի չէ, հասկանալի չէ Թուրքիայի դիւանագիտութեան հետ ինչ որ խաղեր տալ», յայտնած է Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, մինչեւ այսօր հայ-թրքական յարաբերութիւններէն Հայաստան ոչ մէկ շահ արձանագրած է, ընդհակառակը, «օր-օրի վրայ մենք փաստօրէն տեսնում ենք, որ այդ բանակցութիւնները ոչ մի տեղ չեն առաջնորդում բացի ժամանակի եւ քաղաքական այլ դիւիդենտների կորստից», եզրափակած է Մանոյեան: