Ուաշինկթընի մօտ Արցախի ներկայացուցչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի անկախութեան 15րդ տարեդարձը նշած են Քոնկրէսի 77 անդամներ, որոնք այս առիթով նաեւ նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշին, անկէ խնդրելով, որ Ուաշինկթըն ճանաչում շնորհէ Արցախի անկախութեան եւ նպաստէ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեան ողջունեց քոնկրէսականներու այս քայլը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի համար ամերիկացիներուն տրամադրած օժանդակութիւններուն:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքը համակարգած ամերիկահայ երկու քաղաքական կազմակերպութիւններուն՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Հայկական Համագումարին:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց նամակը ստորագրած քոնկրէսականներուն: