ՎԵՆԵՏԻԿ.- Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնէն Մինաս Լուռեան կը տեղեկացնէ, թէ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Երկուշաբթի, Մայիս 24ին իր հոգին աւանդած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ եւ տասնամեակներու դպրապետ Վրթանէս վրդ. Ուլուհոճեան:
Լուռեան հետեւեալը կը գրէ վարդապետին մասին. «Լուսահոգի վարդապետ Ուլուհոճեան Սփիւռքի մեծագոյն մասնագէտներէն մէկն էր, եթէ ոչ մեծագոյնը՝ միջնադարու հայ հոգեւոր երաժշտութեան եւ ձայնային համակարգին, ինչպէս նաեւ՝ 300ամեայ Մխիթարեան մայրավանքի շարականներու երգեցողութեան ամենահմուտ վերջին աւանդապահը: Վերջին տասնամեակին, միաբանական հոգեւոր կենցաղի ու տնտեսական առօրեայ զանազան պարտականութիւններով չափազանց ծանրաբեռնուած ըլլալով հանդերձ, յաջողեցաւ իր գիտութիւնն ու ծիսական տարուան շարականներու ամբողջական երգացանկի իր յիշողութիւնը յաւերժացնել՝ խորհրդազգաց մեկնաբանութեան անկրկնելի իր ձայնը վստահելով «Էրմաննօ Վելլուդօ» ձայնագրութեան մասնագէտին ու Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի երաժշտական բաժնի վարիչ Մինաս Լուռեանի հոգատար խնամքին: Կոթողային աշխատանք մը, որ կարելի եղաւ իրագործել Քոմօ քաղաքի Մանուկեան ընտանիքի երկար տարիներու վեհանձն հովանաւորութեամբ ու Մխիթարեան միաբանութեան շնորհած վստահութեամբ, եւ որուն շնորհիւ հանգուցեալ դպրապետի յիշատակը շարունակ վառ պիտի մնայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.