Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Օնթարիօ նահանգի Մարքըմ քաղաքի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը Մայիս 28, 2010ը հռչակած են Հայ ազգային օր, եւ որոշած են Ուրբաթ, Մայիս 28ին, քաղաքին «Էնթընի Ռոմըն Մարքըմ» քաղաքացիական կեդրոնին մէջ բարձրացնել Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը։
Պետական եւ քաղաքապետական պաշտօնակատարներու կողքին, քաղաքապետ Ֆրենք Սքարփաթի անձնապէս ներկայ պիտի գտնուի եւ նախագահէ այս արարողութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.