ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ԱրմէնԹել»ը հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին պաշտօնական գրութեամբ տեղեկացուցած է, որ արդէն աւարտած է Հայաստանի 827 գիւղերը առնուազն մէկ թուային գիծով ապահովելու գործընթացը:
Այս մասին յայտնեց հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի անդամ Սամուէլ Արաբաջեան Յուլիս 13ի յանձնաժողովի նիստի ժամանակ եւ նշեց, որ թուային ծառայութիւններ տրամադրելու համար, «ԱրմէնԹելը» յաւելեալ վեց ամիս ժամանակ ստացած էր եւ պարտաւորուած է ի սկզբանէ նախատեսուած 800 գիւղերու թիւը հասցնել 810ի: Ս. Արաբաջեան ողջունելի համարեց այն փաստը, որ ընկերութիւնը գերազանցած է նախապէս յայտարարուած այդ թիւը: Ան աւելացուց նաեւ, որ յանձնաժողովը մօտ օրերս պիտի սկսի դիտարկման աշխատանքներ՝ ստացած տեղեկութիւնները ճշդելու համար: