Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Հաւանաբար ձեր օրերուն աւելի նուազ զգացած էք արագ մեծնալու կամ նոյնիսկ մեծի ձեւեր առնելու փափաքը, սակայն հիմա արդէն կը նկատէք ձեր դեռահասը, որ շատ արագ չափահասի ձեւեր ու շարժումներ կը կատարէ։ Այս պարագան արդեօ՞ք մտահոգիչ է, թէ՝ ոչ։
Անշուշտ ահազանգային վիճակի պէտք չունիք մատնուելու առաջին առիթով, կամ առաջին անմեղ երեւոյթով։ Բայց նաեւ պարագաներ կան, երբ չմտահոգուիլը շատ անհեթեթ կը թուի ըլլալ։ Ուրեմն ինչպէ՞ս ճիշդ կողմնորոխուիլ եւ համապատասխան քայլեր առնել։ Եկէք հետեւինք ու հասկնանք կարգ մը երեւոյթներ։
1- Արդեօ՞ք ձեր դեռահասը արագօրէն մեծնալու բուռն փափաք ունի։ Այսօրուան յառաջացած ու քիչ մը բարդ կեանքի իրավիճակը ու մանաւանդ արագ ընթացող կենցաղը մեր վրայ իրենց պարտադրանքները կը դնեն, սակայն այս չի նշանակեր, որ դեռահասներուն կողմէ առնուած բոլոր քայլերը արդարացնելու միջոց պէտք է գտնենք կամ երբեմն ստեղծենք։ Ներկայիս շատ դժուար է գտնել պատանի մը, որ փափաքը ունի կրկին երեխայ դառնալու։ Այլ ընդհակառակը անոնք միշտ աւելի մեծ կ՛ուզեն երեւիլ։
2- Ծնողները երբեմն իրենց ակնկալութիւններով կը շուարեցնեն իրենց զաւակները։ Անոնք տարբեր պատգամներ կը փոխանցեն տարբեր հրահանգներու կամ թելադրանքներու ընդմէջէն։ Օրինակ կ՛ուզեն, որ դեռահասը իրենց սահմանած օրէնքներն ու ծնողական իշխանութիւնները յարգէ, միաժամանակ շատ ինքնիշխան եւ ինքնավստահ դառնայ որոշումներ կայացնելու համար։ Երբեմն այդ տարիքին համար այս երկուքը համադրելը ու ի մի բերելը շատ դժուար ու շուարեցնող կրնայ ըլլալ։
3- Հետեւեցէք ձեր դեռահասին ընկերական շրջանակին եւ կրած ազդեցութիւններուն, ինչպէս նաեւ խիստ ուշադրութիւն դարձուցէք անոր վարքի փոփոխութիւններուն։ Երբեմն անակնկալ փոփոխութիւնները կրնան իրենց նոր սկսած թափին մէջ աւելի դիւրին սանձուիլ քան յառաջացած ընթացքի մը մէջ։ Այսպէս անախորժութիւնները կրնան կանխուիլ։
4- Շատ մեծ օգուտ տուած կ՛ըլլաք, եթէ յաջողիք ձեր զաւակին համոզել թէ հեռատեսիլով ցուցադրուած կեանքի ձեւը իրականութեան չի համապատասխաներ։ Այսինքն հեռատեսիլով ստեղծուած այդ երեւակայական պատկերները, որոնք կը ներկայացնեն դեռահասներ սակայն չափահասներու վարմունքով ու կենցաղով եւ միաժամանակ հաճելի կը թուին անոնք հանդիսատեսին կապ չունին իրականութեան հետ։ Այս սիրուն թուացող պատկերը միայն կը պատկանի այդ պաստառին։ Այս մէկը հասկցնելը նուաճում մըն է ծնողքին համար։
5- Խանդավառութեամբ քաջալերեցէք ձեր զաւակին հետաքրքրութիւնները։ Երբ անոնք աւելի հասուն ձեւով կը վարուին, ճիշդ ժամանակին ընդառաջեցէք այդ վարուելակերպերուն, որպէսզի քաջալերուին ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը զարգանայ իրենց մէջ։ Եթէ նոյնիսկ իրենց տարիքէն ալ վեր է այդ հետաքրքրութիւնը, ուշադրութեամբ եւ անուղղակիօրէն հետեւեցէք անոր զարգացումներուն՝ ճշդումները աննկատ կատարելով, որպէսզի կարենաք ձեր ուզած ուղղութեամբ տեղ հասցնել զայն։
6- Օգնեցէք ձեր զաւակին որպէսզի ձեր հասուն փորձառութենէն օգտուելով դեռահասութեան հաճոյքը վայելէ իր սահմաններուն մէջ։ Միշտ ալ այս տարիքը փորձանք չի նշանակեր կեանքի ամէնէն սիրուն յիշատակներուն դարանը կրնայ ըլլալ այս տարիքը, եթէ չափահասին չափաւոր միջամտութիւնը ունենայ։
7- Ձեր դեռահասին նաեւ յիշեցուցէք ու յուսադրեցէք թէ ամէն բանի պատասխանը կու գայ ժամանակին հետ եւ անշուշտ ճիշդ ժամուն, երբ որ ինք պէտք է այդ մէկը իմանայ։ Թող դեռահասը անպայման հարցումներ ունենայ, այդ մէկը իր ինքնութիւնը կազմաւորելու պիտի նպաստէ, սակայն ամէն պատասխանները թող միաժամանակ չ՛առնէ։ Ըստ ժամանակի թելադրանքին ու յարմարութիւններուն անիկա բոլոր պատասխանները պիտի ստանայ։ Այս պիտի ըլլայ իր հասունութեան ճանապարհը, ուրկէ պիտի քաղէ իր կեանքի դասերը։
Եթէ կը կարծենք թէ այս տարիքը դիւրին պիտի անցնի, սխալած ենք։ Նաեւ պէտք չէ պատրաստուիլ այս տարիքին համար, որպէս անբացատրելի տառապանքներու շրջան երկու կողմերուն համար։ Հանգստութեամբ պէտք է դիմագրաւել շատ բաներ, որպէսզի դեռահասին դաստիարակութիւնն ալ ըլլայ բնական։ Հաւատացէ՛ք ժամանակին եւ անոր բերած ճիշդ լուծումներուն։ Նաեւ հաւատացէ՛ք, որ «Պտուղը ծառէն շատ հեռու պիտի չիյնայ»։