Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մայրեր լաւ գիտեն թէ իրենց երեխաներուն նոր եւ օգտակար ուտելիքներու վարժեցնելը ինչքա՜ն դժուար գործ է։ Կանաչ գոյնը կամ հատապտուղը ընտրել եւ հեռու մնալ գունաւոր սիրիալներէն կամ հաւու տապկուած մատիկներէն, բաւական դժուար է։ Ըստ ամերիկեան սննդականոնային ուսումնասիրութեան մը, 50 երեխայէն միայն մէկը սննդարար ուտելիքներ կ՛ուտէ։ Այսինքն այն արժէչափերով որ կը պայմանաւորէ ամերիկեան սն-նդականոնի թելադրանքները։ Այս ըսելով նաեւ կ՛ուզենք շեշտել, թէ յատուկ միջոցներ գոյութիւն ունին, որ կարելի կը դարձնեն սննդարար ուտելիքներով սնանող երեխաներ ունենալը, առանց սնունդին հետեւող ուշադիր ու խիստ ոստիկանին։
1. Ձեր զաւակները խոհանոց թող մտնեն եւ մասնակցին ընթրիքի պատրաստութեան։ Այս ձեւը կ՛օգնէ, որ երեխան տեսնէ իր պատրաստածը եւ անշուշտ հպարտ զգայ այս արարքով։ Ընթրիքը սեղան հասած պահուն արդէն ինք հպարտ է այդ պատրսատութեամբ հետեւաբար նաեւ պատրաստ է ուտելու։ Նաեւ միասին գնումի գացէք եւ իր գնած բանջարեղէններով ապուր պատրաստեցէք եւ կամ տարբեր պտուղներով համեղ աղցան մը սարքեցէք։ Լաւ սնուիլը եւ ճիշդ ուտելը մինչեւ անգամ երեխային թուաբանութեան եւ կարդալու կարողութեան բարելաւման կրնայ ծառայել։
2. Տարբեր ձեւերով պատրաստեցէք եւ ապա ներկայացուցէք։ Երեխան շատ հաւանաբար հում պրքուկը պիտի չուզէ ուտել, իր տեսքին եւ տարբեր համին համար։ Մտածեցէք թէ ինչպիսի համ մը կրնաք միացնել զինք համոզելու համար եւ կամ տեսքը ինչպէս կրնաք փոփոխութեան ենթարկել աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։ Կարելի է նաեւ ձեր փափաքած պտուղը կամ բանջարեղէնը հրամցնել երեխային իր սիրած պատառիկին հետ ու առարկել որ երկուքն ալ ուտէ անպայման։ Այս պարագային երեխան կրնայ կանաչն ալ ուտել, որովհետեւ իր սիրած պատառն ալ պիտի յաջորդէ անոր։
3. Ճաշի քանակը պակսեցուցէք ու պատառիկներու նման քիչ եւ սննդարար դարձուցէք։ Համահաւասար կերպով թող ճաշը իր մէջ պարունակէ բրոթին, շաքարեղէն եւ տարբեր սննդանիւթեր, սակայն փոքր քանակով։ Ուշադիր եղէք յաւելեալ իւղէն կամ շաքարէն։ Հաւասարակշռուած եւ սերտուած սննդականոնը բաւական բան պիտի սորվեղնէ ձեր երեխային՝ ապագայի ուշադիր ուտողին։
4. Որոշ ճաշատեսակներ կրնաք առանց զգալի դարձնելու հրամցնել բանի մը ընկերակցութեամբ։ Օրինակ գետնախնձորի խոյս պատրաստած միջոցին մէջը ամէն անգամ երկու տարբեր այլ տեսակի բանջարեղէն «սահեցուցէք», առանց զգալի քանակի հասցնելու։ Նպատակն է պարզապէս համին թեթեւ ծանօթացնել երեխային։ Կամ ապուր պատրաստած ատեն ամէն անգամ նոր բանջարեղէն մը աւելցուցէք սիրուած բանջարեղէններու շարքին։ Աղցաններուն վրայ flax seed կտաւատի հատիկներ ցանեցէք եւ անշուշտ շարքը կրնայ երկարիլ ձեր հնարամտութեան եւ ձեր զաւակին ճաշակին համաձայն։ Անհրաժեշտ է միշտ փորձել ու չյանձնուիլ այս պարագային։ Մանկութեան ստեղծած սովորութիւնները կրնան երկարիլ ամբողջ կեանք մը։
5. Ճաշը եւ անոր պատրաստութիւնը ու մատուցումը հաճոյքի վերածեցէք։ Քանի մը անգամ անձամբ փորձած էի ստիպելով սննդարար բան կերցնել երեխայիս ու ուրախացած այդ պահուն արձանագրած «յաջողութեամբ», սակայն անկէ ետք արդիւնքի չէի հասած։ Մինչ ուրախ եւ թեթեւ մթնոլորտի մէջ, կատակով ու զուարճութեամբ երբ առաջարկած եմ այդ ուտելիքները, որոնք պէտք է ստանայ երեխաս աւելի յաջող դուրս եկած եմ։ Անշուշտ մի դատապարտէք դուք ձեզ եթէ ամէն անգամ նոյն վերաբերմունքը չէք կրնար ունենալ։ Բնական է մարդկային մեր իրավիճակով ամէն անգամ այդ երկար համբերութեան շունչը կրնանք չունենալ։ Կ՛արժէ սակայն այդ ձեւին դիմել, որպէսզի երեխան հաճոյքով յիշէ այդ տեսակը ուտելը եւ ոչ թէ տխուր յիշատակներու կ՛ապուի մտքին մէջ այդ կերակրատեսակը։ Փորձեցէք նաեւ պտուղները միսի կտորները կամ պանիրը ու բանջարեղէնը կտրտել այնպիսի ձեւերով, որ երեխային համար աւելի հաճելի եւ անշուշտ գրաւիչ ըլլայ ուտելը։ Հաճելի պատմութիւններ ստեցծեցէք կերած պնակին մասին։ Մաքարոնի եւ մսիկ կերած պահուն, իբր թէ որսորդ մըն էք որ կը փորձէք գտնել երկար գաւազաններ ու քարի կտորներ մինջայդ նաեւ ծառերու տերեւներ ալ «կ՛որսաք», այսինքն՝ պրքուկ broccoli։
6. Երբեմն երեխաներ մէկ անգամէն չէ, որ ուտելիք մը կը սիրեն՝ այլ քանի մը անգամ պիտի փորձեն եւ յետոյ սիրեն։ Այս մէկը մեզի կը թելադրէ որ առաջին անգամէն չէ, որ պէտք է վճռել այլ քանի մը անգամ պէտք է փորձել։ Նաեւ միշտ հաւասարակշռուած մթնոլորտի մէջ երեխան նոյնիսկ կրնայ բոլոր մեր տուած ճաշերը ընդունիլ։ Նաեւ հարկ է յիշել հոս, որ ծնողները արթուն պէտք է ըլլան նաեւ այն կէտին, թէ երբեմն երեխաներ պարզապէս ուշադրութիւն հրաւիրելու միտումով ճաշեր կը մերժեն։ Հետեւինք նման պարագաներու։ Դաստիարակենք շատ մեղմ սակայն կտրուկ եւ հետեւողական։ Տան մէջ կրնաք նաեւ իրագործել աստղերու ցուցակի դրութիւնը։ Ամէն անգամ որ երեխան նոր տեսականի մը կը փորձէ ձեր առաջարկածներէն, ան կը ստանայ համապատասխան աստղիկ մը այդ շարքին վրայ, որու ամբողջացումէն ետք անոր կու տաք փոքր նուէր մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.