ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Հոկտեմբեր 1ին՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կատարուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Արարողութիւնը հանդիսապետեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս։
Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանի ձեռամբ »Գէորգեան« հոգեւոր ճեմարանի եւ քահանայից լսարանի շրջանաւարտ ինը սարկաւագներ ձեռնադրուեցան քահանայ։