ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Քալիֆորնիոյ նահանգի հսկիչները այս տարի եւս մանրազննին քննութեան ենթարկելէ ետք «Արարատ տուն»ը եւ անոր սպասարկութիւնները, նաեւ հարցաքննութիւններ ունենալէ ետք հոն հաստատուած տարեցներու եւ անոնց պարագաներուն հետ, հասած են այն եզրակացութեան, որ բարձրորակ սպասարկութիւնները կը շարունակուին տրամադրուիլ հաստատութենէն ներս, յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով բարձրագոյն որակաւորում՝ «Zero Deficiency», տալով հաստատութեան:
Հաստատութեան վարիչ Ռիթա Նորավեան ողջունեց այս արդիւնքը՝ զայն ցուցանիշ մը համարելով հաստատութեան անձնակազմի նուիրումին: Իր կարգին, «Արարատ տան» վարչութեան ատենապետ Նազար Աշճեան հպարտալի նկատեց նահանգային մարմիններուն կողմէ կատարուած այս արժեւորումը: