
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Օրանժ-Արմէնիա» ընկերութեան հանրային կապերու պատասխանատու Լիլիթ Մարտիրոսեան կը յայտնէ, թէ Երեւանի հասարակական հանրակառքերու մէջ պիտի տեղադրուի «Wi-Fi» անլար համացանցային կապ:
«Ծրագիրն առաջարկել է քաղաքապետարանը եւ մենք սիրով ընդունել ենք առաջարկը: Ինտերնետի արագութիւնը կը լինի այնքան, որքան սովորական օգտագործողներինը», նշեց Լիլիթ Մարտիրոսեան եւ աւելցուց, որ հանրակառքերու մէջ պիտի տեղադրուի «MyFi մոտըմ», որ պիտի ապահովէ մինչեւ 7.2 Մ.պայթ/վ արագութիւն: