
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 14-16ի միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Իրականութիւն դարձնել ամենախոցելի երեխաներու իրաւունքները» թեմայով համաժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ԵՈՒՆԻՍԵՖի միջխորհրդարանական միութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչներ: Յունիս 16ին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Սամուէլ Նիկոյեան նշեց, թէ նշեալ համաժողովին, արդիւնաւէտ եւ լայնօրէն քննարկուած են երեխաներու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր: «Անդրադարձանք այն խնդիրներին, որոնց երեխաները բախւում են բոլոր երկրներում: Մեզ համար շատ օգտակար էր երեխաների խնդիրներին առնչուող միջազգային փորձի ուսումնասիրումը», ըսաւ Ս. Նիկոյեան:
Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ առկայ է օրէնսդրական բաց՝ կապուած երեխաներու իրաւունքներուն հետ, զոր հնարաւոր պիտի ըլլայ լրացնել միջխորհրդարանական միութեան անդամ 155 պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութիւններ իրականացնելու պարագային:
ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Լէյլի Մոշիրիի խօսքով, իրենք պատրաստ են ամէն կերպով աջակցելու մեր երկրի օրէնսդիր մարմինին, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած օրէնսդրական չափանիշներու շուրջ բարեփոխումներ կատարելու հարցով:
«Հայաստանի մէջ երեխաներու իրաւունքները մասնաւորաբար կը պաշտպանուին ստեղծուած աւանդոյթներու միջոցով, իսկ օրէնսդրական դաշտին բաւարար ուշադրութիւն չի դարձուիր: Ասիկա մէկ կողմէ դրական է, միւս կողմէ՝ բացասական: Օրէնսդրութեան պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձնել», ըսաւ Լ. Մոշիրի:
