
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 31րդ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական ու հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Ուրբաթ, 24 Յունիսին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ:
ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը եւ որ կ՛ընտրէ կուսակցութեան գերագոյն մարմինը՝ ՀՅԴ Բիւրոն: