ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կիրակի, 15 Մայիս 2011ի առաւօտեան պաշտօնական բացումէն ետք, ՀՄԸՄի դրօշին տակ եռանդով եւ մարզական ոգիով կը շարունակուին շրջանիս յատուկ Նաւասարդեան 36րդ մարզախաղերը, որոնք ազգային հպարտութեան կողքին, նոյնքան ալ խանդավառութիւն եւ անմոռանալի պահեր կը ստեղծէ մեր գաղութէն ներս:
Այլ խօսքով, այս օրերուն ՀՄԸՄը մեր ժողովուրդի նոր սերունդի կեանքին մէջ է ամէն օր եւ ամէն տեղ:
Շատերուս մօտ այս զանազան խաղերն ու անոնց յաջորդող տողանցքը անթառամ յիշատակներ կը վերակենդանացնեն մեր միտքերուն մէջ, իսկ ուրիշներու հոգիներէն ներս՝ այդ յիշատակներն ու յուշերը ապրումի եւ կեանքի կը վերածուին:
Այս բոլորը արդէն յուզականութեան միատեղ հպարտանք ալ կը բերեն մեր ներկային:
Յստակ է, թէ ամէն տարի Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ իրենց յաջորդող 4 օրեայ փառատօնը ընդհանուր ուրախութիւն կը պատճառեն:
Էական է, մանաւանդ այս օրերուն, որ այս ուրախութիւնը վերածուի նաեւ հայկականութեամբ լեցուն գնահատանքի ուրախութեան:
Ապա, այս բոլորին յաջորդող փակման հանդիսութիւնն ու հարիւրաւոր մեր երկսեռ երիտասարդներու աւանդական դարձած փառայեղ տողանցքը, մեր օրերը իրենց սովորական յիշատակի նշումէն պիտի տանին դէպի յաղթական եւ նոր երթի մը սկզբնաւորութեան ուրկէ պիտի տեսնենք եւ լսենք այս մեծ միութեան հիմնադիրներուն սրբազան առաքելութիւնը շարունակելու յանձնառութեան արձագանգը:
Իբրեւ յայտագիր պասքէթի եւ ոտնագնդակի մրցախաղերուն կողքին Birmingham High Scool-ի մարզադաշտերուն վրայ տեղի պիտի ունենան նաեւ հետեւեալ մարզախաղերը՝
Փինկ փոնկ.-
Յունիս 30, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, DE & F Div.-ներ,
Յուլիս 1, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, B & C Div.-ներ,
Յուլիս 2, կէսօրէն առաջ ժամը 9ին, A Div.,
Յուլիս 3, կէսօրէն առաջ ժամը 9ին, A Div. աւարտական:
Ճատրակ.-
Յուլիս 2, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկսեալ.
Մրցախաղը ունի 3 բաժանմունքներ՝ 12 տարեկան եւ վար, 17 տարեկան եւ վար , 18 տարեկան եւ վեր:
Թենիս.-
Յունիս 30, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, C & D Div.-ներ՝ մանչեր եւ աղջիկներ.
Յուլիս 1, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, A & B Div.-ներ՝ մանչեր եւ աղջիկներ:
Վոլի.- աղջիկներ՝ Յուլիս 1-3:
Յիշեցման կարգով յայտնենք, որ աշխատանքի եւ պատրաստութեան երկար ամիսներէ ետք, վերջապէս Յունիս 30էն մինչեւ Յուլիս 3 Birmingham High Scool-ի մարզադաշտերուն վրայ պիտի եզրափակուին այս մարզախաերը (հասցէ՝ 17000 Haynes St. Van Nuys, CA)
Խաղերու կողքին, Շաբաթ, 25 Յունիս, 2011ին CBS Studios Center, 4024 Radford Avenue, Studio City, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ յաղթանակի պարահանդէսը, հետեւեալ դասաւորումով՝ քոքթէյլ՝ երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ ընթրիք՝ ժամը 8ին, անոր պիտի յաջորդէ օրուան պատշաճ պաշտօնական յայտագիրը եւ ապա մինչեւ առաւօտեան ժամերը՝ պատահանդէս:
Տեղին է յիշել նաեւ, թէ գիշերուան ժամը 10էն ետք, երիտասարդներու սրահ մուտքի յատուկ սակ ճշդուած է $20.
Այս որդեգրումը անշուշտ մեր երկսեռ սերունդի ներկայացուցիչները համախմբող լաւագոյն առիթը կրնայ ըլլալ:
ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՉՈՐՍՕՐԵԱՅ
ՓԱՌԱՏՕՆ
Նաւասարդեան խաղերու աւարտին անպայմանօրէն կը ծրագրուի քանի մը օրերու համրանքով յատուկ փառատօնը, ուր մարզախաղերու կողքին ներկաները առիթ կ՛ունեան վայելելու հայ երգն ու պարը, հայկական եւ տեղական համադամ կերակուրները:
Այս տարի 36րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն չորսօրեայ փառատօնը պիտի սկսի Հինգշաբթի, 30 Յունիսին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, Birmingham High Scool-ի շրջափակէն ներս եւ պիտի շարունակուի մինչեւ կէս գիշեր: Փառատօնը նոյն ժամերուն բաց պիտի ըլլայ նաեւ Ուրբաթ, 1 Յուլիսին: Իսկ Շաբաթ 2 եւ Կիրակի 3 Յուլիսի օրերուն՝ առաւօտեան ժամը 8էն միչեւ կէս գիշեր:
Հինգշաբթի եւ Շաբաթ երեկոները ելոյթ պիտի ունենայ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը: Երկու օրերուն ալ տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: Իսկ Կիրակի օր, Նաւասարդեանի այս պատմական խնճոյքը պիտի եզրափակէ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը:
Փառատօնի չորս օրերուն ընթացքին հետաքրքրական յայտագիրներով ելոյթ պիտի ունենան նաեւ գաղութիս ծանօթ երգիչներ՝ Մանուէլ Ոսկերիչեան, Սահակ Սիսլեան, Անթուան Պէզճեան, Արա Շահպազեան, Յարութ Յակոբեան, Ժամկոչեան ճեզ երրեակը, Վաչէ, Պլեք Ճագ Պօյզ, Սամուէլ Սահակեան, Մաքսիմ, Սաշ, Հոյլարի, Հրաչ Պողարեան, Շիրազ, Ար Մին եւ Ալֆրէտ:
Համազգայինի «Ծիածան» պարախումբի կողքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ «Միսթըրի Պիթ պենտ» եւ «Փրիզընըրզ աֆ տիս-կայզ» նուագախումբերը:
Իսկ փոքրիկներուն համար պիտի յատկացուի արուեստի իրենց անկիւնը, ուր մասնագէտներու հսկողութեամբ ձեռային աշխատանքներ պիտի կատարեն:
Մինչ մարզադաշտի շուրջբոլորը, ամէն տարուան նման, Արեւմտեան շրջանի ՀՄԸՄի գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերը իրենց յատուկ կրպակներէն ներս պիտի վաճառեն բազմատեսակ՝ ամէն քիմքի գոհացում տուող, զանազան համեղ ուտեստեղէններ, զովացուցիչ, ջուր, սուրճ եւ պաղպաղակ, որոնք պիտի մատակարարուին հարիւրաւոր միութենականներու կողքին, համակիր կամաւորներու կողմէ, որոնք անձնապէս պիտի մատուցեն իրենց իսկ պատրաստած հայկական համադամ ճաշերը:
ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
36րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 3 Յուլիս 2011ի կէսօրէն ետք ժամը 6ին, դարձեալ Birmingham High Scool-ի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ: Անկասկած, որ հայու ու նաեւ ՀՄԸՄականի արդար հպարտութեամբ պիտի տողանցէ ամբողջ միութիւն մը իր մեծով եւ պզտիկով իր հին ու նոր սերունդներու ներկայացուցիչներով:
Բոլոր յաղթական խումբերը պիտի ստանան իրենց ախոյեանութեան բաժակները: Իսկ փակման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինէն ետք, Նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակուի հայ-սքուլի հսկայ դաշտէն ներս: Երկար ժամեր, կրկին եւ կրկին անգամներ պիտի հնչեն հայկական երգն ու երաժշտութիւնը՝ իսկական Նաւասարդեան մթնոլորտ մը ստեղելով շրջափակէն ներս:
Այս տարի կազմակերպիչ յանձնախումբի շատ գեղեցիկ մտայղացումով եւ դասաւորումով ու կարգադրութեամբ, փառատօնի 4 օրերուն ընթացքին ալ հանրայայտ եւ հռչակ շահած՝ յատկապէս կայքէջով սփռուող «Երեւան Նայթս» ձայնասփիւռը, որ մնայուն կերպով ներկայ պիտի ըլլայ մարզադաշտին վրայ հետեւեալ յայտագիրով՝ օրուան ընթացքին մարզադաշտին վրայ կենդանի եթերով պիտի սփռուին կայքէջի հրամցուցած այդ օրերեու սովորական ծրագիրները՝ իրենց երգերով, մեներգներով ու հայկական նուագներով:
Իսկ գիշերները, ճիշդ հակառակը՝ սոյն կայքէջը ինք պիտի սփռէ մարզադաշտէն փառատօնի գեղարուսետական յայտագիրը իր երգերով, մեներգներով եւ երաժշտութեամբ ու նաեւ երգիչներու հետ իր տեսակցութիւններով՝ ուղիղ եթերի դրութեամբ: Այս մէկը իւրայատուկ առիթ մը պիտի ընծայէ աշխարհի հայութեան լսելու եւ ապրելու ՀՄԸՄի փառատօնն ու իր հայաշունչ յայտագիրը:
Յիշենք նաեւ, որ փակման հանդիսութենէն ետք պիտի շարունակուի խրախճանքը, երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի խանդավառ երգերով:
Մեր կարգին, կ՛ականկալենք, որ գաղութի հայութիւնն ալ իր քաջալեր եւ հոծ ներկայութեամբ, այս չորսօրեայ փառատօնը վերածէ պատմական շքեղ եւ անմոռանալի օրերու:
Նաւասարդեան մարզախաղերը կարելի է դիտել Homenetmen.TV-էն. անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել www.NavasatianGames.com կայքը, եւ կամ հեռաձայնել 1-855-NAVASAR-tian՝ ձրիօրէն տրամադրուած թիւին: