ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երկուշաբթի, 13 Յունիսի երեկոյեան, տօնական մթնոլորտի մէջ էր Հայ օգնութեան միութեան Շրջանային վարչութեան գրասենեակը, ուր իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ փութացած էին շրջանի զանազան հանրային վարժարաններէն շրջանաւարտ յառաջադէմ աշակերտ-աշակերտուհիներ, ստանալու իրենց նիւթական պարգեւներն ու գնահատագիրները՝ ՀՕՄի մասնաճիւղերէն եւ շրջանային վարչութենէն:
Ներկաները բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան անդամ Սոնա Մատարեանը, որ ՀՕՄի կեդրոնը ժողովուրդի կեդրոն բնորոշելով վստահեցուց, որ հոն ուրախութեամբ կը հիւրընկալուին բոլոր դիմողները:
«Հայ օգնութեան միութիւնը ոչ միայն մարդասիրական, բարեսիրական կազմակերպութիւն է, այլ նաեւ ան լուսարձակի տակ առած է կրթական ծրագիրը, որովհետեւ կը գնահատէ այն հայ աշակերտը, որ թէեւ յարգելի պատճառներով առիթը չէ ունեցած հայկական վարժարան յաճախելու, հանրային վարժարաններէն ներս կրնայ ինքզինք որպէս հայ ամերիկացի փաստել: Աւելի՛ն, ան իր վարք ու բարքով, բարձրագոյն նիշերով կը հասնի իր նպատակին, բարձր պահելով հայ-ամերիկեան քաղաքացիական իր արժանապատուուութիւնը», մատնանշեց ընկերուհին եւ ապա հրաւիրեց վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, փոխանցելու Շրջ. վարչութեան պատգամը:
Տէրտէրեան, ձեռնարկին մասնակից հանրային վարժարաններու տնօրէններն ու խորհրդատուները ներկայացնելէ ետք, ընդգծեց այն իրողութիւնը, որ ՀՕՄի համար կրթութիւնը շատ կարեւոր եղած է աւելի քան 100 տարիներու իր պատմութեան ընթացքին:
«Կրթութիւնը հզօրացման բանալին է: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը գոյատեւման իր պայքարին մէջ էր, ՀՕՄը, հայ կնոջ հզօրացման եւ կեանքի ապահովման համար ուսումը իբրեւ միջոց օգտագործեց», հաստատեց ան եւ դիտել տուաւ ներկայ երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտներուն, թէ ուսումը իրենց ապագայ կեանքի հիմնաքարն է:
Այնուհետեւ, ներկայացնելով օրուան բանախօս, Հուվըր Հայ Սքուլի ուսուցիչներէն Նարեկ Քէշիշեանի կենսագրական գիծերը, բեմը անոր յանձնեց:
Պրն. Քէշիշեան առաջին հերթին անդրադարձաւ միութենական կեանքին, որ յատկապէս հայկական գաղութներու կազմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ: Այս իրողութեան լոյսին տակ եւ մանաւանդ ուսուցիչի իր հմտութիւնները ի գործ դնելով, ան պարգեւատրեալ աշակերտներուն իր ուղղած հարցումներուն ընդմէջէն բացայայտեց շրջանէն ներս գործող այն միութիւնները, եկեղեցիները, հայկական վարժարանները, հայրենակցական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց գործունէութեամբ կÿառնչուին հայկական մեր գաղութի զարգացման եւ հզօրացման գործին:
Առանձնաբար անդրադառնալով ՀՕՄին, ան ընդգծեց անոր հանրութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւնները:
Եզրակացնելով, յարգելի ուսուցիչը կոչ ըրաւ պարգեւատրեալ աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որ համալսարանական տարիներուն անդամակցին հայկական ակումբներուն, իսկ այնուհետեւ երբ կեանքի ասպարէզ կր նետուին, անոր զուգահեռ նաեւ անդամակցին հայկական կազմակերպութեան մը, որպէսզի օգտակար հանդիսանան հայութեան եւ հզօրացնեն իրենց ապրած համայնքները:
Այնուհետեւ, Նայիրի Տէրտէրեան յայտարարեց պարգեւատրեալ աշակերտներուն անունները, որոնք հերթով ներկայանալով ստացան նիւթական նուէրներ, իրենց ապրած շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղերէն, իսկ շրջանային վարչութենէն՝ յատուկ գնահատագիրներ, արժանանալով ներկաներուն ծափողջոյններուն:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի վիճակահանութիւնը: Շահող թիւերն էին 122, 214, 865, 810, 792 եւ 947:
Վիճակահանութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան իրար հետ զրուցելու եւ մանաւանդ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու ՀՕՄի մարդասիրական գործունէութեան մասին:
Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, մեծապէս տպաւորուած ՀՕՄի առաքելութեամբ: