ՀԱԼԷՊ.- Վերջերս «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան» (ABBA) 10ամեակը: Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր միութեան տարբեր գործունէութիւնները: Այնուհետեւ միութեան աշակերտները տարբեր խումբերով ելոյթներ ունեցան՝ ըստ տարիքային բաժանումներու:
Միութեան արտաքին յարաբերութեանց տնօրէն Աւօ Գաթըրճեան խօսք առնելով հաստատեց, որ աշակերտը միութեան նշանաբանէն կը սորվի կեանքին տալ եւ ոչ միայն առնել, որովհետեւ կեանքը սոսկ ապրիլ չէ, այլ պէտք է զայն իմաստաւորել եւ գիտնալ անոր իսկական արժէքը:
ՀՄԸՄի խօսքը արտասանեց տոքթ. Աբրահամ Եագուպեան: Խօսք առին նաեւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնք բարձր գնահատեցին միութեան գործունէութիւնը եւ խոնարհեցան անոր 10ամեայ նուաճումներուն դիմաց:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Սեւ գօտիի վկայականներու բաշխում:
Աւարտին միութեան յուշանուէրը յանձնուեցաւ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին, որ իր հայրական օրհնութեամբ, թելադրանքներով եւ աղօթքներով միութիւնը կը մղէ նոր յաղթանակներու:
Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ մարդ արարածը կը բաղկանայ 3 տարրերէ՝ հոգի, միտք եւ մարմին, որոնց հաւասարակշռութիւնը պահելը շատ կարեւոր է՝ աւելցնելով, որ կարեւոր յատկութիւն է նաեւ զիրար յարգելը: Ան հաստատեց, որ միութեան մէջ աշակերտները լաւագոյնս կը դաստիարակուին պահելու այդ հաւասարակշռութիւնը եւ զիրար յարգելու կարողութիւնը: