ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Ըստ Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթի տեղեկատուական կեդրոնին, Վռոցլաւի ազգագրական թանգարանին մէջ բացուած է «Տեսարան դէպի Արարատ. հայերու ճակատագիրը Լեհաստանի մէջ» հայկական պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսը։
Վռոցլաւի թանգարանի ցուցահանդէսային հարթակները ունին հայկական եկեղեցւոյ տեսք, ուր ներկայացուած են Հայաստանի պատմութեան եւ Լեհաստանի հայերու մասին կարեւոր փաստեր:
Ցուցանմուշներու շարքին են փաստաթուղթերու պատճէններ եւ կարեւոր իրադարձութիւններու, հասարակական ձեռնարկներու, ընտանեկան արարողութիւններու եւ հայկական ընտանիքներու ամէնօրեայ կեանքի լուսանկարներ, որոնց պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ միջնադար:
Ցուցահանդէսի նորամուծութիւնն է բազմատեղեկատուական գիտարուեստի կիրառումը, դահլիճին մէջ կը հնչեն հնագոյն հայկական ընտանիքներու յետնորդներու բանաւոր պատմութիւնները: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 31:
«Հայերը յատուկ տեղ կը զբաղեցնեն Լեհաստանի պատմութեան մէջ: 14րդ դարու հայ զինուորականները, առեւտրականները, արհեստաւորները, դիւանագէտները, թարգմանիչները, բժիշկներն ու արուեստագէտները ծանրակշիռ ներդրում կատարած են լեհական հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ՝ միեւնոյն ժամանակ պահպանելով սեփական ազգային, մշակութային եւ կրօնական առանձնայատկութիւնները», կը նշուի տեղեկատուութեան մէջ: