
Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Յուլիս 3ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, Հայրապետական մաղթանք պիտի կատարուի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, պիտի կատարէ հայրապետական մաղթանքը եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
«Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները՝ խուռներամ ուղղուելու մեր եկեղեցիները եւ աղօթք բարձրացնելու վեհափառ հօր քաջառողջութեան ու արեւշատութեան համար», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ: