ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան Յուլիս 1ի դրութեամբ, Ատրպէյճանի Արտաքին պետական պարտքին ծաւալը կազմած է 4 միլիառ 512.6 միլիոն տոլար:
Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ տրամադրուած տեղեկութեանց մէջ կը նշուի, որ Արտաքին պետական պարտքին նկատմամբ Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) յարաբերութիւնը կը կազմէ 8.1 տոկոս: Ընթացիկ տարուան սկիզբը, Ատրպէյճանի Արտաքին պետական պարտքին ծաւալը 655.3 միլիոն տոլարով կամ 17 տոկոսով աճած է: