ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կաշառակերութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս, քրէական հետախուզութեան վարչութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) համատեղ ջանքերով, կաշառք վերցնելու կասկածանքով ձերբակալուած է ՊՆ Ռազմական ոստիկանութեան Սեւանի կայազօրի պետի տեղակալ Գէորգ Աւետիքի Մոնչեանը: Այդ մասին տեղեկացուց ՊՆ լրատուական ծառայութեան ղեկավար Դաւիթ Կարապետեան:
Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած տակաւին: