ՔԵՊԵՔ.- Սեպտեմբեր 19ին, Քեպեք քաղաքի պատմական միջնաբերդին մէջ կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Գանատայի ընդհանուր կառավարիչ Տէյվիտ Ճոնսըն ընդունեց 12 երկիրներու դեսպաններու հաւատարմագիրները, որոնց շարքին նաեւ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանի հաւատարմագիրը:
Իր ուղերձին մէջ, կառավարիչ Ճոնսըն նշեց, որ Հայաստանը Գանատայի կողմէ կը նկատուի դաշնակից եւ գործընկեր երկիր, որուն հետ պատրաստ է գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը զարգացնելու՝ տարբեր բնագաւառներէ ներս:
Արարողութեան աւարտին, դեսպան Եգանեան կառավարիչ Ճոնսընի հետ քննարկեց հայ-գանատական յարաբերութիւնները քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գետնի վրայ զարգացնելու հեռանկարները:
Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գանատական իշխանութիւններուն որդեգրած հայանպաստ դիրքորոշման համար: