Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի աշխատակից Օշին Էլակէօզ կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Սեպտեմբեր 25ին, Պէյօղլուի «Ճեզայիր» ժողովասրահին մէջ կայացած է Անգլիոյ «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ, պատմաբան Արա Սարաֆեանի «Թալէաթ Փաշայի Հայկական Ցեղասպանութեան Տեղեկագիր» գիրքի ծանօթացման հաւաքը, որուն ներկայ եղած է Սարաֆեան, Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան նախագահ Էրեն Քեսքին, հրատարակիչ Օսման Քէօքեր եւ Պօղազիչի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն Մեհմետ Փոլաթել։
Հաւաքին բացումը կատարած է Էրեն Քեսքին, որ յայտնած է, թէ միութիւնը աշխատանք կը տանի առաւել լուսաբանելու համար Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ «Ասիկա կարեւոր նիւթ մըն է, որուն մասին ո՛չ ոք կ՛ուզէ մտածել», ըսած է ան:
Այնուհետեւ արտայայտուելու հրաւիրուած է Արա Սարաֆեան, որ յայտնած է, թէ Թալէաթ փաշայի անձնական թղթածրարներուն մէջ գտնուած են փաստացի տուեալներ՝ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայոց դէմ գործադրուած բնաջնջման իրողութեան մասին։ Ան յայտնած է, որ Թալէաթի կողմէ ներկայացուած տեղեկագիրին մէջ տեղահանութեան ենթարկուած հայերու թիւին մասին կարեւոր թերութիւններ գոյութիւն ունին, եւ կան Անատոլուի կարգ մը նահանգներէն աքսորուած հայեր, որոնց տեղ չէ տրուած տեղեկագիրին մէջ, իսկ ինք իր գիրքին մէջ այս մասին լրացումներ կատարած է։
Ան նշած է, որ արձանագրուած տուեալներուն մէջ նշուած է, թէ հայեր աքսորուած են Մոսուլ, Տէր Զօր եւ Սուրիա, մինչդեռ աքսորեալ այդ անձերուն արձանագրութիւնները գոյութիւն չունին այդ աքսորավայրերուն մէջ։ Այս պարագան ցոյց կու տայ, որ տեղահանուած այդ հայերը իրենց նոր տեղերը չեն հասած։ Արա Սարաֆեան յիշած է, որ Եուսուֆ Հալաճօղլու 2001ին գրած էր Հայկական Հարցին մասին գիրք մը, որուն մէջ պաշտպանած է պետական տեսակէտը՝ նշելով, որ տեղահանուած հայերուն թիւը կը կազմէ 455,758, որոնցմէ վերապրած է 382,124ը, եւ որ տեղահանութեան ընթացքին այս երկու թիւերուն միջեւ գտնուած տարբերութեամբ է միայն, որ հայեր կորուստներ ունեցած են։ Ան ըսած է, որ Հալաճօղլու, Մուրատ Պարտաքճըի կողմէ հրատարակուած գիրքին մասին քննադատութիւններ ըրած է՝ յայտնելով, որ այդ գիրքը անարժէք գիրք մըն է, մինչդեռ խնդրոյ առարկայ գիրքը տեղահանութեան ճարտարապետներէն Թալէաթ փաշայի անձնական յուշերը պարունակած ըլլալուն պատճառաւ՝ շատ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է։
Խօսք առած է նաեւ Օսման Քէօքեր, յայտնելով, որ Մուրատ Պարտաքճը սպառնալիք ուղղած էր Արա Սարաֆեանին, պնդելով, որ Սարաֆեան իր պատրաստած գիրքին տուեալները «գողցած է», մինչդեռ Մուրատ Պարտաքճը, երբ Թալէաթ փաշայի այդ փաստաթուղթերուն հիման վրայ գիրք հրատարակած է, որպէս հեղինակ՝ իր անունը դրած է գիրքին վրայ, եւ ատոր համար ալ թիրախ դարձած է թուրք պատմաբաններու քննադատութիւններուն։ Քանի որ փաստաթուղթերը կը պատկանին Թալէաթ փաշային, Պարտաքճը գիրքի ճակատին վրայ փոխանակ իր անունը գրելու որպէս հեղինակ, պէտք է զայն գրէր՝ որպէս գիրքի խմբագիր, աւելցուցած է Քէօքեր, նշելով, որ Պարտաքճըի սպառնալիքը «շատ ծիծաղելի է»։
Բանախօսներէն ետք նիստը շարունակուած է հարցում-պատասխանի ձեւով, որուն ընթացքին խօսք առած է Գրիգոր Զօհրապի մասին վերջերս թրքերէնով հրատարակուած գիրքի հեղինակը՝ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ։ Ներկաներէն մէկը, Արա Սարաֆեանին հարց տուած է, թէ գերման ազգը ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունի Հայկական Հարցին կապակցութեամբ, որուն Սարաֆեան պատասխանած է ըսելով, թէ Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ մինչեւ այսօր չէ գտնուած փաստաթուղթ մը, որ պատասխանատուութիւններ կը բեռցնէ գերման ժողովուրդին վրայ, հայերուն դէմ գործադրուած այս դէպքերուն համար։ «Գերմանները միայն հանդիսատես մնացած են, կատարուած իրողութիւններուն արգելք չեն եղած, այդ պատճառով ալ քննադատութիւններու նշաւակ դարձած են», բացատրած է Սարաֆեան։
Ուրիշ մը նշած է, որ հայերու դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու կը նկատուին նաեւ քիւրտերը։ Սարաֆեան յայտնած է, որ եղած են քիւրտեր, որոնք գործօն դերակատարութիւն ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան դէպքերուն ընթացքին, իսկ կարգ մը քիւրտեր հայերու կեանքը փրկած ու զանոնք պաշտպանած են։
Ուրիշ մը, Արա Սարաֆեանին ուղղելով խօսքը՝ յիշեցուցած է, որ անոր արտօնուած է Թուրքիա գալ եւ արխիւներու մէջ պրպտում կատարել, իսկ կարելիութիւն կը տրուի՞ արդեօք Եուսուֆ Հալաճօղլուին, որ ան ալ արտասահման երթայ եւ հայկական արխիւներուն մէջ պրպտում կատարէ։ Սարաֆեան այս հարցումին պատասխանած է ըսելով, որ Եուսուֆ Հալաճօղլու թէեւ դիմում կատարած է պրպտում կատարելու համար հայկական արխիւներու մէջ, բայց ան բացի թրքերէնէ, այլ օտար լեզու չի գիտեր, եւ այդ իսկ պատճառաւ իր առաջարկը մերժուած է։