ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրախորհրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համըրպըրկ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին յայտարարած է, թէ վերջին քանի մը տարիներուն Եւրոպայի շարք մը առաջատար լրագրողներ, ներառեալ՝ Պոլսոյ մէջ սպաննուած Հրանդ Տինքը, դարձած են ոճիրներու զոհ: Ան կարեւոր համարած է բացայայտել ոչ միայն սպանութեան կատարողները, այլ նաեւ՝ զանոնք պատուիրողները:
1992էն ի վեր Եւրոպայի մէջ սպաննուած է աւելի քան հարիւր լրագրող, իսկ ուրիշներ ենթարկուած են ֆիզիքական բռնութեան կամ ստացած են սպառնալիքներ: Բացի ատկէ, լրագրողներու սպանութիւններուն միայն մէկ երրորդին պարագային հետաքննութիւնը հասցուած է աւարտին:
«Այդ փաստը լուրջ կասկածի տակ կը դնէ իրաւապահ մարմիններու եւ դատական համակարգի արդիւնաւէտութիւնը: Մարդկային իրաւունքներու աղաղակող խախտում է այն իրողութիւնը, որ իշխանութիւնները արտօնութիւն կու տան մեղաւորներուն՝ մնալ անպատիժ», ընդգծած է ան:
«Ազատ, անկախ եւ բազմակարծիք լրատուամիջոցները՝ հիմնուած տեղեկատուութեան եւ կարծիքներու արտայայտման ազատութեան վրայ, ժողովրդավարութեան առանցքային բաղադրիչն են: Զանգուածային լրատուամիջոնցերու ազատութիւնը նաեւ մեծ նշանակութիւն ունի մարդկային բոլոր միւս իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Կան բազմաթիւ օրինակներ, երբ իշխանազանցութիւնը, զեղծարարութեանց փաստերը, խտրականութիւնը եւ նոյնիսկ՝ խոշտանգումները բացայայտուած են լրագրողներու շնորհիւ», նշած է Համըրպըրկ:
«Լրագրողներուն նպատակը իշխանաւորներուն ուրախացնել կամ կառավարութեան բարձրախօսը ըլլալ չէ. գլխաւոր նպատակը հասարակական վերահսկողութիւն իրականացնելն է», աւելցուցած է ան: