ՍԻՒՆԻՔ.- Սիւնիքի մարզին մէջ հանքավայրի շահագործումը աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ շրջակայ միջավայրին, նաեւ Տաթեւի վանական համալիրին վրայ. այս մասին կ՛ահազանգէ «Խօսքի իրաւունք» միաւորումը: Կազմակերպութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուի.
«Այս տարուան Փետրուար 23ին, ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է չինական «Ֆորչիւն Օյլ» ընկերութեան պատուիրակութիւնը եւ քննարկած հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ անոնց իրականացնելիք ներդրումային ծրագիրը:
Տեղեկացնենք, որ ընկերութիւնը այս տարուան Յունուարին, Հայաստանի մէջ ձեռք բերած է երեք հանքավայր, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Սիւնիքի մարզի Սուարանց գիւղին մէջ: Հանքավայրը կը գտնուի Տաթեւ գիւղէն ընդամէնը 4 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Սուարանցի երկաթի հանքը կը գտնուի նախնական ուսումնասիրման փուլի մէջ: Սուարանցի երկաթահանքի պաշարները, ըստ նախնական գնահատականներու, կը կազմեն շուրջ 1.5 միլիառ թոն: Ատիկա կը նշանակէ, որ բաւական մեծ տարածք պիտի շահագործուի: Հանքավայրին շահագործումը աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ շրջակայ միջավայրին վրայ: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ Տաթեւ վանական համալիրը, անոր շրջապատող գիւղերը, ինչպիսին է՝ Սուարանցը»: