ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- 9էն 13 Հոկտեմբերին նախատեսուած ՀՕՄի 70րդ Համահայկական ժողովին մասնակցելու նպատակով, Աթէնք սկսած են ժամանելու աշխարհի տարբեր վայրերէ մասնակիցներ ու պատգամաւոր-դիտորդներ:
Այս Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11ին տեղի պիտի ունենայ ժողովի պաշտօնական բացումը Գաւուրիի «Ամարիլիա» պանդոկին մէջ: Ապա ժողովը պիտի անցնի իր աշխատանքներուն եւ օրակարգերու քննարկման:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՕՄի շուրջ 60 պատգամաւորներ եւ 110 դիտորդներ՝ հետեւեալ շրջաններէն. Հարաւային Ամերիկա, Ֆրանսա, Աւստրալիա, Պուլկարիա, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Գանատա, Սուրիա, Անգլիա, Սթոքհոլմ, Տուպայ-Շարժա, Կիպրոս, Քուէյթ, Գերմանիա, Զուիցերիա, Յորդանան, Երուսաղէմ, Մոսկուա: Կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու æաւախքի ներկայացուցիչները:
ՀՕՄի 70րդ Համահայկական ժողովին առիթով, Հայ Կապոյտ Խաչի շրջանային վարչութիւնը ճոխ յայտագիր մը նախատեսած է այս օրերուն. ծրագիրը կը ներառէ ճաշկերոյթ մը «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, պտոյտներ դէպի Աթէնքի կեդրոն, Փլաքա եւ Աքրոփոլիսի թանգարանը: Ապա, ժողովի աշխատանքներու աւարտին, շրջապտոյտ մը ծրագրուած է դէպի Տելֆուս հնագիտական վայրը եւ Արախովա: