
Ո՞Վ Է ՍԱԹԱՄԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ
. Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
. ՀԲԸՄ-ական Յովակիմեան-Մանուկեան վրժ.
. Տնտեսագէտ AUB
. Ֆիլմարուեստ London School of Film Technique եւ Bristol Old Vic
. Բեմադրիչ Վ.Փափազեան, Պէյրութ
. Հիմնած խումբեր Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա, Տիթրոյիթ,
Լոս Անճելըս, Պուենոս Այրես,
. Հիմնած յայտագիր ՀԲԸՄի «Spotlight Armenians», Նիւ Եորք
. Դերեր Բազմաթիւ ամերիկեան ֆիլմերու, հեռատեսիլի
եւ թատերական ներկայացումներու մէջ
. Գործակցութիւն ԼԱՐՔի հետ. երեք օփերեթներ
. Կատակախօսութիւն Բազմաթիւ՝ շուրջ 200
. Բեմադրութիւններ Աւելի քան 75, առայժմ…
. Ստանձնած դերեր 84 ներկայացումներու մէջ, առայժմ…
. Թարգմանութիւններ 22 անգլերէնէ եւ ֆրանսերէնէ, առայժմ…
ՆԱԽԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
. Ճաշը Տոլմա
. Գոյնը Կապոյտ
. Թիւը 45
. Ինքնաշարժը Միջին գինի ինքնաշարժներ
. Գիրքը Վահրամ Փափազեանի «Յետադարձ Հայեացքը»
. Կազմակերպութիւնը ՀԲԸՄ
. Երկիրը Լիբանան
. Քաղաքը Նիւ Եորք
. Մարզանք Պասքէթպոլ (որպէս դիտող), քալել
. Նուագարանը Դաշնամուր («երազած եմ նուագել,
սակայն երբ սէրը ունէի, միջոցը կը պակսէր»)
. Օրը Ուրբաթ
. Ժամը Երեկոյեան ժամերը
————————————————————————————————-
Պատրաստեց՝
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Սիրելի Գրիգոր Սաթամեան, այս զրոյցին հիմնական առիթը թատրոնն է եւ դուք, բնականաբար։ Այնպէս որ, սկսինք հոնկէ, թէ ինչպէ՞ս ձեր սրտին մէջ տեղ գտաւ սէրը թատրոնին նկատմամբ։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Աւելի ճիշդը, թատրոնէն առաջ սինեմային սէրը, շնորհիւ Չարլի Չափլինին, որմէ յետոյ, աւելի հասուն տարիքին, այսինքն ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան երբ սկսայ յաճախել, հոն Թատերական բաժնի Կրտսերացին մէջ մտանք, որուն կը մասնակցէի Չափլինեան պզտիկ դերերով։ Սինեմա չկար, այնպէս որ թատրոնն էր մեր սէրը իրականացնելու տեղը։ Հունտը դրուեցաւ մէջս պատանութեան շրջանիս Չարլի Չափլինին միջոցաւ։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Առաջին բեմ բարձրանալը. ե՞րբ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Ինծի համար այդ հունտին ծիլ տալու շրջանը դպրոցը եղաւ, ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը, անոր Կրտսերացը, ուր երգ, պար, ասմունք, թատրոն սիրողները իրենց շնորհները, տաղանդները կը զարգացնէին եւ ՀԵԸի «Զարեհ Նուպար» ակումբին մէջ, աշակերտներուն առջեւ կը խաղայինք, կը ներկայացնէինք։ Եւ անշուշտ, տեսնելով անոնց քաջալերանքը, հետզհետէ հետաքրքրութիւնս սկսաւ աւելի զարգանալ եւ այդտեղէն է որ թատրոնի հանդէպ սէրը ծիլ առաւ։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Ձեր իտէալ հեղինակը, բեմադրիչը, դերասանը…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Ինծի համար ներշնչման աղբիւր եղած է Լորանս Օլիվիէն։ Միշտ, երիտասարդութեան շրջանին, երբ կը սկսէի թատրոնով հետաքրքրուիլ, շատ կը խօսուէր այդ ժամանակ Լորանս Օլիվիէին մասին եւ ամէն ճիգ կ՛ընէի, որ անոր ֆիլմերը տեսնեմ, մանաւանդ իր Համլէթը տեսնեմ։ Յետագային, երբ առիթ ունեցայ եւ Անգլիա գացի ուսանելու, ինք Ազգային Թատրոնի (National Theatre) թէ՛ տնօրէնն էր եւ թէ դերասանն էր եւ ես ամէն շաբաթավերջ Պրիսթոլէն ինքնաշարժով չորս ժամ քշելով Լոնտոն կ՛երթայի, որպէսզի կարենայի շաբաթավերջին ներկայացում մը դիտել իր խաղարկութեամբ։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Նախընտրած թատերախաղդ, դերդ…
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Ո՞վ է հայը…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Հայը այն անձն է, որ կը հետաքրքրուի իր լեզուն եւ մշակոյթը պահելով։ Զիս չեն հետաքրքրեր հայեր, որոնք միլիոններ կը դիզեն, հայ են, որոնք օտար միտիաներու մէջ յաջողութիւն կը գտնեն. անոնք հայ են ծնունդով կամ ծնողքով, բայց ինծի համար կատարեալ հայը պիտի ըլլայ այն անձը, որ վառ պիտի պահէ իր լեզուն եւ մշակոյթը։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Ո՞վ է մարդը…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Մարդը այն է, որ նոյնիսկ իր մեծութեան մէջ պիտի ըլլայ համեստ, պիտի ըլլայ ընկերային, եւ պիտի ըլլայ փոխադարձողը այդ ընկերութեան։ Այսինքն, իր մեծութեան մէջ պէտք է ըլլայ համեստ եւ ընկերային։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Սերունդներ. հինի եւ նորի պայքար մը կայ։ Ամէն մարդ եղած է, է՛ եւ պիտի ըլլայ երիտասարդ, միջին տարիքի եւ երէց…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Ես կը խորհիմ որ նախ ատիկա սխալ բաժանում մըն է. հին եւ նոր։ Հին եւ նոր չկայ. սերունդներու շարունակականութիւն կայ եւ ջահի փոխանցում կայ։ Ամէն սերունդ պէտք է գիտնայ որ ինք որոշ ճամբայ մը ունի երթալիք, որմէ յետոյ հոն կը սպասէ յաջորդ սերունդէն անձ մը, որ այդ ջահը իրմէ պիտի առնէ եւ պիտի յառաջ երթայ։ Ես կը խորհիմ որ բոլորն ալ իրենց դերը ունին մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ՝ մշակութային, ընկերային, քաղաքական, կուսակցական, եւայլն։ Եւ ամէն սերունդ գիտակից պէտք է ըլլայ, որ որոշ ժամանակ մը, երբ իր կարողութեան ուժերուն մէջ է տակաւին, պէտք է կարենայ այդ ջահը պատրաստել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդին։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք երբ կը լսէք «գործընկեր» բառը։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Գործընկերը պիտի ըլլայ այն անձը, որ քու նպատակակէտներդ կը հետապնդէ կամ քու սկզբունքներդ ունի։ Քիչ առաջ հարցուցիր թէ մարդը ո՞վ է, հայը ո՞վ է քեզի համար, ինծի համար գործընկերս պիտի ըլլայ ան, որ նոյն մտահոգութիւնները ունի որ ես ունիմ եւ նոյն կրակը ունի, ինչ որ ես ունիմ։ Այսինքն, պիտի ըլլայ մարդ, իսկական մարդ, ինչպէս որ սահմանուեցաւ, պիտի ըլլայ մտահոգ անձը իր ազգով, իր լեզուով, իր մշակոյթով։ Եւ պիտի աշխատի քալել, վազել դէպի նոյն նպատակակէտը, ինչ որ ես կը հետապնդեմ։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Պահ մը ետ երթանք. դպրոց, հայ դպրոց։ Ուսուցիչ երբ ըսեմ հիմա, ձեր միտքը ո՞վ եկաւ յանկարծ։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Ուսուցիչ, իմ աչքիս առջեւ եկան մի քանի հոգիր։ Պիտի ըսեմ Գերսամ Ահարոնեան, պիտի ըսեմ Վահէ-Վահեան, պիտի ըսեմ Արա Թոփճեան, պիտի ըսեմ նաեւ Օննիկ Սարգիսեան եւ պիտի ըսեմ Վարուժան Պետիկեան։ Ես ասոնցմէ սորված եմ բաներ, ինչ որ քիչ առաջ ըսուեցաւ. լեզու, մշակոյթ, համեստութիւն, ընկեր, բարեկամ, մարդ, եւայլն։ Ձեւով մը իրենց դաստիարակութենէն կու գայ։ Ինծի համար ուսուցիչը այն անձն է, որ ոչ միայն կը զարգացնէ քեզ մտապէս, այլ կը զարգացնէ քեզ հոգեպէս եւ բարոյապէս։ Ան է ուսուցիչը ինծի համար։ Եթէ միայն միտքս զարգացնէր, պիտի ըսէի որ որեւէ ուրիշ մը ատիկա կրնար ընել։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Ձեր ամբողջ կեանքը ՀԲԸ Միութեան հետ շաղկապուած է։ Միութիւնը՝ ՀԲԸՄը ձեր կեանքին մէջ։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Պէտք է ըսեմ որ, եթէ ՀԲԸ Միութիւնը չըլլար, հաւանաբար ես օտար երկրի մը մէջ դերասան կամ բեմադրիչ ըլլայի։ Եւ վստահ պիտի ջանայի լաւ դերասան եւ լաւ բեմադրիչ ըլլալ։ Փորձած եմ. օրինակ, Անգլիոյ բեմին վրայ խաղացած եմ եւ միշտ գնահատականներ ստացած եմ թերթերու մէջ։ Յաճախած իմ դպրոցս, որ ամէնէն պահանջկոտ թատերական դպրոցն է Անգլիոյ մէջ, հոն ընդունուած եմ որպէս դասատու, թերեւս առաջին եւ վերջին հայն եմ, որ պիտի ընդունուէի անգլիական դպրոցի մը մէջ որպէս դասատու, որովհետեւ անգլիացիները շատ բծախնդիր են թատրոնով, թէ ո՞վ կուսուցանէ թատրոնը։
Բայց ՀԲԸՄը առիթը տուաւ ինծի եւ կ՛ուզեմ գնահատել իրենց հեռատեսութիւնը, որ թատերական արուեստին կռնակ կեցան։ Կռնակ կեցան նաեւ ինծի. եթէ առաջին 25 տարիները իմ կամաւոր նուիրումով աշխատեցայ, 25 տարի ալ՝ իրենց պաշտօնեան, ձեւով մը թէ՛ բարոյապէս, թէ նիւթապէս թիկունք կանգնեցան ինծի, որպէսզի այս թատերական շարժումը առաջ տանինք։ Եթէ բարոյական եւ նիւթական նեցուկը չըլլար, հաւանաբար ես ուրիշ տեղ մը ըլլայի, որպէսզի ապրուստ ճարեմ եւ ինչ որ չափով եթէ կարողացայ նպաստել հայ թատրոնին, պիտի չկարենայի կատարել։ Նպաստած ըլլալովս հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը զգամ եւ ատիկա կը պարտիմ Բարեգործականին։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Երթանք լրիւ ուրիշ աշխարհ։ Առաջին սէր։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Պատերազմ…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Որպէս մարդ եւ արուեստագէտ, իմ ամէնէն ատած երեւոյթներէն մէկը պատերազմն է։ Եւ ես չեմ կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէս մարդ մը կրնայ ուրիշ մարդ մը սպաննել, կամ խումբ մը մարդիկ կրնան ուրիշ խումբ մը սպաննել, վասն սա կամ նա պատճառի։ Ատոր համար է որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին առաջին երեք ամիսներէն յետոյ ես ծնողքիս ըսի, որ այս մթնոլորտին մէջը ես չեմ կրնար ապրիլ եւ իրենք ալ ինծի հետ համաձայն գտնուեցան եւ արտօնեցին որ երթամ Լիբանանէն։ Եւ բոլոր այն տարիները որ դուրսն էի, եւ Լիբանանի մէջ կռիւը կը շարունակուէր, երբեք փափաք չունեցայ վերադառնալու, որովհետեւ որեւէ ձեւով չէի ուզեր տեսնել այդ ահռելի մթնոլորտը որ կը տիրէր։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Դրամ:
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Մարդիկ իրենց կեանքին մէջ իտէալիստ շրջան մը կ՛ունենան եւ կ՛ըսեն որ դրամը ամէն ինչ չէ։ Յետագային տեսայ որ, այդ նախադասութիւնը ըսելը դիւրին է, երբ որ ուրիշ մէկը քու կողքիդ կանգնած է եւ կրնայ որեւէ մէկ տկար պահու մը քեզ փրկել, ազատել նիւթապէս։ Բայց, երբ որ տեղ մը կը հասնիս կեանքիդ մէջ, ուր պատասխանատուութիւններ ունիս, կին ունիս, զաւակներ ունիս, եւ բոլորն ալ յենած են քու վրադ որպէս նիւթական նեցուկ, այդ ժամանակ դրամը քիչ մը կը սկսի կարեւոր դառնալ։ Իմ պարագայիս, օրինակի համար, որքան քիչ նիւթական մտահոգութիւն ունենամ, կամ պատասխանատուութիւններ ունենամ, այդքան աւելի կրնամ ստեղծագործ աշխատանքս առաջ տանիլ։ Հետեւաբար, պիտի ըսեմ որ, այո, դրամը կարեւոր է, բայց կարեւոր է միայն պարտատէրերէն խուսափելու համար, մնացած պարագային ես չեմ խորհիր որ դրամը մարդուն մտքին, սրտին կամ հոգիին վրայ պէտք է որեւէ ձեւով ազդեցութիւն ունենայ եւ պէտք չէ ալ ունենայ։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Կատակ մը, անեկդոտ մը կրնա՞ք պատմել։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Իմ ամէնէն լաւ «ճոք»երէս մէկը, որ շատ պարզ է եւ միշտ երեխաներուն կը պատմեմ երբ դպրոց մը այցելեմ հետեւեալն է. մայր մուկը եւ որդի մուկը պտոյտի կ՛ելլեն եւ յանկարծ թուփերուն ետեւէն վայրի կատու մը դիմացէն կու գայ, ճանկերը դուրս ցցած եւ կը սկսի սպառնալ երկու մուկերուն։ Մայր մուկը չի սարսափիր, որդի մուկը մէկ կողմ կը քաշէ, հովանոցը ձեռքը առած դէպի կատուն կ՛երթայ եւ կը սկսի հաչել. «Հաու, հաու, հաու, հաու, հաու, հաու»։ Կատուն չի հասկնար, որ այս մուկը ինչո՞ւ կը հաչէ, եւ որովհետեւ չի հասկնար եղածը, կը դառնայ, կը փախչի։ Այդ ժամանակ մայր մուկը կը մօտենայ որդի մուկին եւ կ՛ըսէ. «Կը տեսնե՞ս զաւակս, որքան կարեւոր է ուրիշ լեզու մը խօսիլ»։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Ուրեմն խօսինք պատանիներուն լեզուով, իրե՛նց ինչ ունիք ըսելիք. ձեր խօսքը նոր սերունդին, անոնք որոնք նոր քայլ կը նետեն դէպի թատրոն։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Նոր սերունդին կ՛ըսեմ յառաջ՝ առանց վհատելու, առանց ընկրկելու եւ վստահեցէք դուք ձեզի։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն պարոն Սաթամեան…
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ.- Անունս Գրիգոր է, պարոն չէ…
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՉԵԱՆ.- …եւ կանխայայտ շնորհաւորութիւններ ձեր յոբելենական երեկոյին առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 30ի երեկոյեան ժամը 6։00ին, Փասատինայի ՀԲԸՄի կեդրոնին մէջ։ Սիրով հրաւիրուած է արուեստասէր հանրութիւնը, միասին նշելու համար մեծ բեմադրիչ ու դերասանապետ Գրիգոր Սաթամեանին ոսկեայ յոբելեանը։ Վարձքդ կատա՛ր, Վարպետ։
ԿԸ ԽՕՍԻՆ ՍԱԹԱՄԵԱՆԻՆ
ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
ՍԱՄՈՒԷԼ ԻԼԱՆՃԵԱՆ.
Բոլոր դերասաններուն հետ եոլա գացած է եւ կերթայ մինչեւ այսօր։ Կը յիշեմ Պէյրութի տարիները, թատերական դպրոց հիմնեց, 1968ին «Զուարթ» օփերէթը հիմա միտքս կու գայ. կացութիւն փրկած է, երբ որ պէտքը ունեցած ենք։ Որպէս մարդ, սքանչելի մարդ է։ Կրնար Լոնտոն մնալ եւ մեծ հռչակի տիրանալ. բայց նախընտրեց գալ եւ Բարեգործականին միջոցով հայ մշակոյթին ծառայել։ Իր յարաբերութիւնը դերասաններուն հետ շատ լաւ եղած է։ Որպէս ընկեր կը մօտենար եւ ատիկա մեծ յաջողութիւն էր։ Սաթամեանին ներկայութիւնը բեմին վրայ շատ աւելի յաջողութիւն կը բերէ գործին քան թէ բացակայութիւնը։ Այսօր ժողովուրդը, մեծ մասամբ, «Սաթամեանը կա՞յ» կը հարցնէ, կը փնտռուի եւ ինքն ալ կ՛արժեցնէ։ Վերջերս Ոստիկանի դերը որ խաղաց, կը կակազէր, խենդենալիք բան էր։ Ստեղծագործ միտք ունի։ Հիմա աչքիս առջեւ կու գայ Արժանթինցիի դերը։ Սաթամեանը ուրախ է իր Լեւոնիկով եւ աշխարհը անոր հետ չի փոխեր։ Մեր երկուքին միջեւ յարաբերութիւնը շատ պարզ եղած է, ընկերներ եղած ենք։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ.
Սաթամեանին ամէնէն յատկանշական գիծը իր համեստութիւնն է։ Օրինակ, երբ ուրիշներ կը բարկանան փորձերու ատեն, ինք բնաւ այդպէս չէ եւ դերասանները իրեն հետ կը շաղուին եւ բնաւ իրմէ հեռաւորութիւն չեն պահեր։ Սաթամեանը աւելի մեղմ է եւ բոլորին հաշիւը կընէ։ Որպէս բարեկամ, որպէս ընկեր նոյնպէս շատ համեստ է եւ դիւրահաղորդ։ Սաթամեանը բեմի վրայ իշխող, տիրական դիրք մը ունի, իսկ կեանքի մէջ ճիշդ հակառակն է։ Երբեք ինքնահաւանութիւն չունի, կամ երբեք ամենագիտութիւն չի ծախեր։ Բնածին տաղանդը ունի եւ իր ներկայութեամբ ոչ միայն ինքզինք կը պարտադրէ, այլեւ, ամբողջ թատերախաղին մթնոլորտ մը կը ստեղծէ։ Նաեւ լսող է ան. երբ գաղափար մը տաս եւ այդ մէկը տրամաբանական գտնէ, կը գործադրէ։ Միութեան նուիրուած ու զոհուած անձ է։ Յատկանշական այլ կէտ մըն ալ այն է, որ շատ արագ թարգմանութիւններ կը կատարէ, կը պատշաճեցնէ եւ բեմ կը հանէ։
ԱՆԻ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.
Քոմիք կը մտածէ. օրինակ, մէկը ոտքին մատին կոշտուկը (նասըր) քիչ-քիչ կը կտրէ դժուարութեամբ։ Ինք տեսնելով այս կ՛ըսէ. «Նախ կտրէ նասըրը, յետոյ շերտ-շերտ կտրտէ։ Բեմին վրայ կեդրոնական դէմք է։ Պատրաստաբան։ Հիմա աչքիս առջեւ կու գան մեռելի իր դերը, հնդիկ-անգլիացիին խօսելակերպը, թոթովելը «Կասկածը կնոջ սրտին մէջ» թատերախաղին մէջ։ «Վազգոյի հեքիաթ»ին մէջ…
Իրմէ հիմա կը յիշեմ, թէ ինչպէս օր մը Նիւ Եորքի մէջ, գիշերը աշխատանքէ վերադարձին մոռցած է դեմայարդարումը մաքրել եւ անձրեւէն իր դէմքը տարօրինակ դիմագիծ մը ստացած է։ Պասին մէջ ամէն մարդ իրեն կը նայի, եւ ինք անգիտակից կը շարունակէ իր երկար ճամբան դէպի տուն։
ԱԴԱՄ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.
15-16 տարեկան էինք, աշակերտ։ Ինք մեր բեմադրիչը, ես ալ դերասան։ Մեռելի դեր տուած էր ինծի։ Երբ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ մեռելի դեր, ըսաւ. «Արագ խօսելուդ պատճառով. լռէ՛ եւ մեռի՛ր»։