ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մօր՝ Թենզիլէ Էրտողանի, մահուան պատճառով հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ հարց ծագած է։
Էրտողանի մօր մահուան առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ շարք մը կազմակերպութիւններ եւ անհատներ թերթերու մէջ ցաւակցական ուղերձներ եւ մահագրութիւններ հրապարակած են։ Նոյն բանը կատարած է նաեւ Սկիւտարի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդը, որ նախքան մահագրութիւն հրապարակելը, չէ խորհրդակցած Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ։
Այդ քայլը բարկացուցած է Աթէշեան սրբազանը, որ անմիջապէս կարգալոյծ ըրած է Կորիւն քահանայ Ֆեներճեանը։
Թրքական օրաթերթը կը հաղորդէ նաեւ, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին, Աթէշեան սրբազանի կայացուցած որոշումին պատճառով, մնացած է առանց հոգեւոր հովիւի, եւ այնտեղ առայժմ կարելի չէ կիրակնօրեայ պատարագ կամ հոգեհանգիս կազմակերպել։