ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ թրքական բանակը անգամ մը եւս ներխուժած է հիւսիսային Իրաք եւ հոն լայնածաւալ գործողութեան դիմած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ։ Ըստ թրքական բանակի սպայակոյտին, հրասայլերը կը գտնուին միայն սահմանի թրքական կողմը։
Միջազգային լրատուամիջոցները, յղում կատարելով Թուրքիոյ զինուորական աղբիւրներուն՝ Երեքշաբթի օր հաղորդեցին, թէ թրքական ռազմական օդանաւեր ռմբակոծած են քրտական դիրքեր եւ 500էն 1000 թուրք զինուորներ մուտք գործած են Իրաք:
Նաեւ, «Պի.Պի.Սի.» հերքած է թրքական լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառութեան դրուած եւ իրեն վերագրուած այն տեղեկութիւնը, թէ թրքական բանակը 1400 քիւրտ զինեալ սպաննած է։ «Պի.Պի.Սի.» նշած է, որ իր թղթակիցն իսկ տեղեակ չէ այդ լուրէն։