ՕՔԼԸՆՏ, Քալիֆորնիա, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, «Գրաւէ Ուոլ Սթրի»չը շարժումին զօրակցող հարիւրաւոր ցուցարարներ, որոնք վրանաքաղաք մը հաստատած էին Օքլընտի մէջ, ոստիկանական յարձակումի մը ենթարկուելով՝ արտաքսուեցան քաղաքապետարանին առջեւ գտնուող զբօսայգիէն:
Ոստիկանութիւնը բռնի ուժի դիմեց եւ արցունքաբեր նիւթեր գործածեց խաղաղ ցուցարարներուն դէմ՝ ձերբակալելով անոնցմէ մօտաւորապէս 100ը: Աւելի ուշ, աւելի քան հազար ցուցարարներ ոստիկանական բիրտ միջամտութեան դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին: