ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Հաւատալու կամ չհաւատալու խնդիրը միայն երկնային իրականութեանց առնչուած չէ: Կեանքի ընթացքին պատահող զանազան դէպքերու եւս մենք կրնանք հաւատք ընծայել կամ բնա՛ւ չհաւատալ անոնց: Մեր տեսադաշտէն հեռու պատահած դէպքին մասին տրուած որեւէ նկարագրական կրնայ երբեմն համոզիչ չթուիլ, եւ ատիկա մեզի պատմողին բացայայտ կ՛ըսենք, թէ՝ չենք հաւատար իր ըսածին: Կամ, աւելի հեռուն երթալով, հարիւրաւոր տարիներ առաջ պատահած պատմական անցքերէն մէկուն մասին, պատմաբաններէն մէկուն կատարած վարկածը կրնայ մտացածին կամ յերիւրանք թուիլ մեզի, եւ ուստի, անբաւարար՝ մեզ համոզելու:
Նոյն կացութիւնը յաճախ կը կրկնուի մեր առօրեայ կեանքին մէջ, տարբեր պատկերներով: Իրենց շահուն հետամուտ եւ անոր ապահովման համար անուն թէ պատիւ վաճառքի հանող անձեր, ամէն միջոցի կը դիմեն, սուտը իրաւի պէս ներկայացնելու համար: Ասոնք կը նմանին շրջուն փերեզակներու, որոնք իրենց գունագեղ պարկին մէջ հինցած ու մաշած ամէն իր պատրաստ են իբրեւ նոր առարկայ կլլեցնելու պատահական անցորդին: Անշուշտ իրենք ալ երբեմն կը շփոթին, ու նորը հինի, եւ հինը նորի փոխարէն կը ներկայացնեն իրենց յաճախորդներուն:
Խաբեբայութեան ու շողոքորթութեան խտացեալ կերպար եղող այս ողբերգութիւնները, չեն գիտեր ինչպէ՞ս ծածկել շրջապատէն իրենց սահմանափակ գիտութիւնը, որպէսզի իրենց ծախած առարկային մասին տրուած հարցումներուն կարենան համոզիչ պատասխաններ տալ հետաքրքրուողներուն:
Չարանենգ մտածողութիւնը, սակայն, այսպիսիներուն մօտ մնայուն գործունէութիւն կը ծաւալէ առհասարակ: Ասոնք չեն յոգնիր հալածանք շղթայազերծելէ անոնց դէմ, որոնք չեն ուզեր «գնել» իրենց վաճառքի հանած «ապրանք»ները: Այդ առարկաները կրնան նշանաւոր սուտեր ըլլալ, կամ զրպարտութիւններ, կամ բամբասանքներ, որոնց շրջանառութիւնը կը վստահին իրենց նման խօսքի փերեզակներու:
Հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն ալ, որ այս թշուառականներուն գործելաձեւին մաս կը կազմէ, իրենց կատարած վաճառականական ճարպիկութեանց ուրիշներուն վերագրումն է: Ասիկա կ՛ընեն անոնք, առանց մտածելու սակայն, որ ինքնաբացայայտում կը կատարեն, որովհետեւ իրենց գործելաոճը, ու յաճախորդները խաբելու միջոցն է, զոր կը ծանուցեն աշխարհին: Ուրիշէն դրամ շորթելու եղանակը ինչպէս որ տարիներու ընթացքին փորձառաբար իմացեր են իրենք, մասնաւոր ճիգով կ՛ուզեն տեսնել ուրիշին կողմէ կիրարկուած, միաժամանակ քսակահատի կամ աւազակի տխրահռչակ անունն ալ պիտակելով անոր:
Այս ամէնը ընելու համար, սակայն, հաւատացնելու յատուկ ճիգով օժտուած պէտք է ըլլան անոնք: Փորձառու եւ տարեց բարեկամներէս մին, որուն հետ պատահական հանդիպումս պատճառ դարձաւ այս նիւթի գրառման, կ՛ըսէր թէ՝ սուտը իրաւի նման ներկայացնող եւ զայն հալած կարագի պէս քեզի կլլեցնողները, տաճկերէն լեզուով կը կոչուէին «ինանտըրըճը», այսինքն՝ «հաւատացնող»: Ասիկա յատուկ մասնագիտութիւն է, որ ընտանեկան սխալ դաստիարակութեամբ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Հաւատացնողները այլ «շնորհք» եւս ունին, որ է՝ նախ ինք իր անձը համոզելու կարողութիւնը: Սա շատ էական է, ուրիշին հաւատացնել կարենալու համար: Հաւատացնողները տուեալ նիւթը այնքա՛ն կը պատմեն իրենք իրենց, որ նախ իրե՛նք կը սկսին հաւատալու իրենց հնարած սուտին, եւ ապա անոր իրաւ լուրի շապիկը հագցնելով, կը ներկայացնեն ուրիշներուն:
Հաւատացնողները չե՛ն յոգնիր իրենց չար առաքելութեան մէջ, որովհետեւ այլ գործ ընելու հնարաւորութիւն չունին, միշտ զբաղած ըլլալով իրենց իմացածէն աւելի՝ իրենց չիմացածը ուրիշին հաւատացնելու աշխատանքով: Այս անձերուն ներկայութիւնը սակայն, մարդկային կեանքի խաչմերուկներուն վրայ, պատճառ պէտք չէ՛ դառնայ մեր յուսահատելուն: Կեանքը պէ՛տք է շարունակուի, եւ բարի աշխատանքը պէ՛տք է իր արդիւնքը տայ, նպաստելով մարդու կեանքի բարօրութեան: Պէտք չէ՛ մտահան ընել, թէ լաւ գործողը, ընդհանրապէս նախանձորդներ կ՛ունենայ: Լաւ գործողին պէտք է յիշեցնել սակայն, թէ երբ լաւագո՛յնը գործէ, ամօթահար պիտի թողու իր ե՛ւ նախանձորդները, եւ սխալ տեղեկութիւններու շուրջ մարդիկը հաւատացնողները, որոնք պղտոր ջուրի մէջ, նոյնիսկ առանց կարթի ձկնորսութիւն ընող բախտախնդիրներ են:
Հաւատացնողներու գլխաւոր թշնամիները, մարդոց տրուած գովեստներն են: Հաւատացնողներ նուազագոյն գովեստն ու գնահատանքը չեն կրնար մարսել, երբ անիկա իրենց հասցէին չէ ուղղուած: Ի դէպ, իրենք որեւէ գնահատանք ու գովեստ չեն ակնկալեր: Սակայն, ո՛չ թէ անոր համար որ չափազանց համեստ են: Այլ, տարօրինակ, իրենք իրենց անձը լաւ կը ճանչնան, եւ գիտեն թէ գովեստի արժանի չեն: Ուստի, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հաւատացնողներ, կրակ տալու մէկուն վարկին, ուրիշին համբաւին, ու երրորդին վաստակին: Գործ, աշխատանք, տքնութիւն եւ դրական որեւիցէ արդիւնք, տագնապահար կը դարձնեն հաւատացնողները, որոնք անքուն գիշերներ լուսցնելով, նոր չար ծրագիրներ կը մշակեն, ըսուածներուն ժխտական տարբերակները հնարելով, որպէսզի ջանան հաւատացնել մեծ զանգուածները:
Ասոր հակառակ, հաւատացնողներու թիրախ ընտրուած անձինք, նոյնիսկ երբ գովեստներու արժանանան, միշտ կը փորձեն խոյս տալ, ու համեստութեան վերարկուին տակ պահուըտելով կը հեռանան գովասանքի փայլուն հրապարակէն:
Հաւատացնողներուն տխուր դերակատարութիւնը միայն գովելի է իրենց գործընկերներուն կողմէ: Գիտակից մարդիկ լսելով հանդերձ անոնց համոզիչ լեզուէն մեղրի պէս հոսող սուտը, ո՛չ մէկ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն անոր, ընդհակառակը, հարկ եղած պարագային կը մերկացնեն զայն, ի յայտ բերելով այն ճիգը, զոր զիրենք հաւատացնելու համար կը թափէր «ինանտըրըճը»ն, կամ հաւատացնողը: Լսուած խօսք է, որ «սեւ ձեռքերը ճերմակ հաց կը կերցնեն»: Պէտք է աւելցնել, սակայն, որ սեւ սիրտը սպիտակ խորհուրդներ չի՛ կրնար յղանալ: Հաւատացնողը չի՛ կրնար լաւ խորհուրդներ մատակարարել ու շրջանառութեան մէջ դնել: Անոր առաքելութեան ներհակ է նման գործարք: Ուստի, պէտք է օրն ի բուն աշխատի մեքենայութիւններ խորհելու, եւ անոնց միջոցաւ անդամալուծելու բազմաթիւ բարի ծրագիրներ: Այդ ծրագիրները կրնան ըլլալ իմացական աշխատութիւններ, շինարարական ծրագիրներ, թէ մարդասիրական գործունէութիւն: Տուեալ աշխատանքին բարի նպատակը ո՛չ մէկ արժէք ունի իրենց համար, որովհետեւ այստեղ կայ ներքին բնութիւն իրագործելու խնդիր, նման երկակենցաղներու մէջէն ընտրուած վատ օրինակ՝ կարիճին, որ այլ կերպ չի՛ կրնար արտայայտուիլ, քան՝ իր թունաւոր խայթոցով:
«Ինանտըրըճը»ներու տխուր դերակատարութիւնը կրնայ բազմաթիւ աւերներ գործել, սակայն միւս կողմէ սկսած է շատնալ նաեւ անոնց հաւատք չընծայողներու փաղանգը, որ ներքնապէս պաշտպանուած է: