ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Ռուսական կողմը Հայաստանին առաջարկած է 50 միլիոն տոլարի գիւղատնտեսական գործիքներու գնման ծրագիր մը, որուն մասին Նոյեմբեր 1ին լրագրողներուն տեղեկացուց ՀՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վարդան Կարապետեանը:
Առաջարկը ներկայացուած է «Ռոսաքրոմաշ» ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։
«Մեր ռուս գործընկերներն առաջարկել են 50 միլիոն տոլարի վարկային եւ լիզինգային ծրագրեր», ըսած է Կարապետեան, ըստ որուն, նախնական տուեալներով՝ գիւղատնտեսական սարքերն ու գործիքները պիտի տրամադրուին վարձակալական վճարումի հիմքով, եօթը տարուան ժամկէտով եւ 5 առ հարիւր տոկոսադրոյքով:
«Այս պահին բանակցութիւններ են ընթանում տոկոսադրոյքի չափի, լիզինգային ծրագրի պայմանների շուրջ», աւելցուցած է փոխնախարարը:
Փոխնախարարը տեղեկացուցած է, որ վերջին տասը տարիներուն, Հայաստան ներկրուած է գիւղատնտեսական շուրջ հազար սարք: «Այժմ երկրում կայ շուրջ 15 հազար քարշակ, 1400-1500 քոմպայն: Գիւղթեխնիքայով ապահովուածութիւնը կազմում է շուրջ 70 տոկոս: Սակայն կան նաեւ թեխնիքայի մաշուածութեան հետ կապուած հարցեր», յայտնած է Կարապետեան: